2012-08-03 11:04:17

Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Իֆթար Կը Կազմակերպէ՝ Հաւատք Սէր Եւ Խաղաղութիւն Սփռելով Եգիպտոսի Տարածքին


Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքին, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպ. Գուսանի եւ գործակցութեամբ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբին, Շաբաթ 4 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6-ին Հելիոպոլսոյ Ս. Թերեզա եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Ռամատանի առթիւ իֆթար` թեմա ունենալով «Եգիպտոս…Հաւատք, Սէր եւ Խաղաղութիւն»:
«Հաւատք…բոլորս ալ մէկ Աստուծոյ կը հաւատանք, ուրեմն այդ հաւատքը ունեցող անձինք ատելութիւն չեն ճանչնար, մանաւանդ իրենց եղբայրներուն հանդէպ», կ’ըսէ Գուսան Սրբազանը, անդրադառնալով իֆթարի թեմային : «Սէր…քանի որ մենք այս երկրին եղբայրներն ենք ու զատողութիւն չենք ճանչնար, կը ջանանք միասին գործել ու կերտել մեր Եգիպտոսը` սիրով», եւ վերջապէս «ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը. քանի որ մենք հայերս խաղաղ ժողովուրդ ենք ու կը սիրենք խաղաղ ապրիլ մեր եղբայրներուն հետ, կը ցանկանք խաղաղութիւն տիրէ ամբողջ աշխարհի վրայ, եւ այդ նոյն խաղաղութիւնն է որ մեզ կը կապէ միւս երկիրներուն հետ ու կը ջանանք այս խաղաղութեամբ դաստիարակել մեր երեխաներն ու երիտասարդները»:
Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին որոշած է այս տարի չկազմակերպել վերջին երեք տասնամեակներուն աւանդութիւն դարձած այս միջոցառումը, առանց պատճառներ յայտնելու, հաղորդած է Ալ Ահրամ Կէյթ կայքէջը, Յուլիս 30-ին: Եգիպտոսի աւետարանական եկեղեցին պիտի կազմակերպէ նման միջոցառում Օգոստոս 15-ին:
«Այս իֆթարը քանի մը նպատակ ունի», կ’ըսէ բժ. Արմէն Մազլումեան, Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, «նպատակներէն մէկն այն է`պատուել այն եգիպտացի թղթակիցները, համալսարանական դասախօսները, պատմաբաններն ու եգիպտացի պատասխանատու դէմքերը, որոնք Հայաստան այցելած են յատուկ հրաւէրներով, եւ որոնց կ’անուանենք «Հայերու բարեկամ»»:
Ըստ կազմակերպողներուն, երեկոյթի նպատակներէն մէկն է նաեւ՝ որ անոնք աւելի մօտէն ծանօթանան եգիպտահայ համայնքի ղեկավարներուն ու պատասխանատու դէմքերուն: «Իֆթարին ներկայ գտնուելու հրաւիրուած են Եգիպտոսի մօտ ՀՀ Դեսպանն ու դեսպանատան կազմը, Գահիրէի Քաղաքական եւ Թեմական Ժողովներու ատենապետները, եգիպտահայ զանազան կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ատենապետներ եւ ներկայացուցիչներ, եգիպտահայ ու եգիպտական մամուլի ներկայացուցիչներ», կը տեղեկացնէ բժ. Մազլումեան:
Պետական պաշտօնական դէմքերէն որոնք ներկայ պիտի գտնուին իֆթարին, նախագահական պալատի ներկայացուցիչը, «Ազհար»-ի Շէյխի ներկայացուցիչը, Վաքըֆի փոխ նախարարը, որ հրաւիրուած է նաեւ խօսք առնելու: «Խօսք պիտի առնեն նաեւ Դեսպան Մելքոնեանն ու Գուսան Սրբազան, իսկ մուտքը յատուկ հրաւէրով է», կը տեղեկացնէ Մազլումեան:
Նման միջոցառում մը առաջին անգամն ըլլալով կը կազմակերպուի եգիպտահայ համայնքէն ներս, «ու վերջինը պիտի չ’ըլլայ, քանի որ յառաջիկային սա պիտի կազմակերպենք աւելի լայն ծաւալի վրայ», կը յայտնէ Մազլումեան:
Հոկտեմբեր 2011–ին Եգիպտոսի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար միասնական աղօթք կատարուած էր Հելիոպոլսոյ Ս. Թերեզա եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Եգիպտոսի բոլոր կրօնական համայնքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.