2012-08-02 14:15:35

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Եւ Ապահովական Խորհուրդի Սուրիոյ Շուրջ Նիստեր


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով բանակին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտնեց, որ սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմութեան բախումներուն արդիւնքէն կախեալ է երկրին ներկան ու ապագան:
Դամասկոսի մէջ Ազգային ապահովութեան կեդրոնատեղիին դէմ գործուած յարձակումէն ետք իր կատարած առաջին յայտարարութեան մէջ ան զինուորներուն շնորհակալութիւն յայտնեց` ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար: «Ես կը հաւատամ ձեզի, մեր ժողովուրդը եւս կը հաւատայ, եւ իմ կարծիքովս, դուք պահապանն էք մեր հասարակութեան արժէքներուն», ըսաւ Ասատ:
ՄԱԿ-ի կայքէջի համաձայն՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը այսօր Սուրիոյ հարցով արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ: Աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ժողովը կը պատրաստուի քուէարկելու ի նպաստ Սէուտական Արաբիոյ պատրաստած բանաձեւին, որ կը քննադատէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը` Ասատի վրայ ազդել չկարենալուն համար:
Բանաձեւը նաեւ Ասատին կոչ կ՛ուղղէ իշխանութենէն հրաժարելու եւ երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու սկսելու:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումները պարտադիր չեն, կ՛որդեգրուին ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ եւ այս պարագային վեթոյի իրաւունք գոյութիւն չունի: Բայց եւ այնպէս Ռուսիա, Պրազիլ, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ մերժեցին սէուտական բանաձեւը:
Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Խալետ Չուիքի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը տապալելու մասին մտածումները անարդարանալի են»: Ան վստահեցուց, որ Իրան կը փափաքի, որ Սուրիոյ մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնի, իսկ տարակարծութիւնները երկխօսութեան ճամբով լուծուին: Ան դարձեալ իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնեց սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը հիւրընկալելու:
Մինչ երէկ Հալէպի Սալահէտտին եւ Պապ Նէյրապ թաղամասերուն մէջ բախումները շարունակուեցան, Դամասկոսի մէջ առաջին անգամ ըլլալով քրիստոնեաներով բնակուած Պապ Թումա շրջանին մէջ բախումներ արձանագրուեցան: Սուրիական բանակը Ռիֆ Տիմաշքի Ժապալ Ասուատ քաղաքը իր վերահսկողութեան տակ առաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.