2012-08-02 14:18:23

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին Կը Պատրաստուի 9 Սեպտեմբերին Մատուցուելիք Պատարագին ։


Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ այս տարի վերաբացումէն ետք երրորդ անգամ պատարագ կը մատուցուի: Վանի նահանգապետարանը արդէն սկսած է աշխատանքները այդ ուղղութեամբ: «Գագիկ Ա. թագաւորի կողմէ 915-922-ին կառուցուած եկեղեցին, վերանորոգուած է 3 տարի առաջ եւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը թոյլատրած է եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել»,- կը յիշեցնէ թրքական Sondakika կայքը: Արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ Սեպտեմբեր 9-ին:
Այս օրերուն, Վանի փոխնահանգապետ Աթա Ուսլուի գլխաւորութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներուն նուիրուած ժողով մը գումարուած է:
Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին Աթա Ուլսու ըսած է. «Վանի երկրաշարժէն ետք շատերդ օգնութեան ձեռք մեկնեցիք: Այժմ ալ Վանի մէջ զբօսնելու եկէք: Եկէք, որ տեսնենք, թէ ձեր օգնութեան շնորհիւ Վանը ինչպէս ոտքի կանգնեցաւ: Բոլորդ կը հրաւիրենք մասնակցելու Աղթամարի պատարագին»։








All the contents on this site are copyrighted ©.