2012-08-01 15:37:09

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Վատիկանի l’Osservatore Romano թերթը, օգոստոս ամիսէն սկսեալ կը հրատարակուի ու կը բաժնուի ԱՄՆի մէջ։

Օգոստոս մէկէն սկսեալ Վատիկանի l’Osservatore Romano շաբաթաթերթը ամերիկեան ազգային կաթողիկէ մամուլ "Our Sunday Visitor Newsweekly" միջոցաւ լոյս կը տեսնէ ու կը բաշխուի ամերկացի բոլոր բաժանորդագրուողներուն, ու նաեւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն։ Շնորհիւ այս նոր հրատարակութեան կաթողիկէ ամերկացիներուն կարելիութիւն կը տրուի մօտէն հետեւելու Սրբազան Քահանայապետի գործունէութեան, քարոզներուն ու ճառերուն ինչպէս նաեւ Ս. Աթոռի լուրերուն։

Չինաստանի կառավարութիւնը կը պարտադրէ կաթողիկէ եօթը քահանաներուն հեռացումը իրենց թեմէն։

Չինաստանի կառավարութիւնը պարտադրած է կաթողիկէ 7 քահանաներուն հեռանալու իրենց ժողովրդապետութիւններէն որովհետեւ մերժած են հպատակիլ իրենց թեմի նոր եպիսկոպոսին, որ նշանակուած է Չինսատանի ազգային եկեղեցիէն եւ ոչ քահանայապետէն։ Նախապէս Չինաստանի կառավարութիւնը սպառնացած էր բոլոր այն քահանաներուն դէմ որոնք կը մերժեն ընդունիլ հայր Իվ ֆուշենկին եպիսկոպոսական իշխանութիւնը։ Յայտնենք որ թեմի քահանաները կը խուսափին նոր եպիսկոպոսի հետ համապատարագելէ եւ այս անուանումի հետեւանքով հաւատացեալներու թիւը զգալիօրէն պակսած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.