2012-08-01 15:37:00

Պօղոս Զ Եւ Ափրիկէի Եկեղեցին


Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետի մահուան 34րդ տարելիցին առթիւ, օգոստոս 1 - 2 Քէնիայի Նայրոպի քաղաքին մէջ Պրէշայի <<Պօղոս Զ>> անուան հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է <<Պօղոս Զ Եւ Ափրիկէի Եկեղեցին>> խորագրով
հանդիպում մը որուն ընթացքին կը ներկայացուի <<Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովի ժառանգութիւնը եւ Ափրիկէի եկեղեցւոյ իքնութիւնը>> նիւթով տեղեկագրութիւն մը։
Հադիպման ընթացքին կը շօշափուին նաեւ աստուածաբանական եւ միսիոնարական նիւթեր, ընկերութեան հանդէպ եկեղեցւոյ դերին մասին ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, արդարութեան եւ ժողովուրդներու բարգաւաճումի ի խնդիր աշխատանքի մասին։
Հաւաքի ընթացքին պիտի զեկուցուի նաեւ ընտանիքի եւ դաստիարակութեան հայող հարցերու շուրջ։ Մասնագէտներու խումբ մը հուսկ կը ներկայանցէ Ափրիկէի եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները Պօղոս Զ-ի թողած ժառանգութեան լոյսին տակ։ Վերոյիշեալ նախաձեռնութեան կը մասնակցին, ի մէջ այլոց, <<Պօղոս Զ>> անուան հաստատութեան նախագահ` Ճուզեփփէ Գամատինի, ֆրանսայի առաքելական նուիտակ Լուիճի Վէնթուրա եւ Կարտինալ ֆրանսիս Արինզէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.