2012-08-01 12:13:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Ամառնային արձակուրդներու առթիւ մէկ ամիս դադարէ մը ետք այսօր առաւօտեան Գասթելկանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ վերսկսան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնց ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կը շարունակէ ներկայացնել աղօթքի մասին` անցեալ մայիսին սկսած, խորհրդածութիւնները։ ՜

Չորեքշաբթի 1 օգոստոս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Գասթելկանտոլֆոյի Ազատութեան Հրապարակի վրայ, Պենետիկտոս ԺԶ Ս. Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
այսօր Լատին ծէսի համեմատ, Եկեղեցւոյ Վարդապետ եւ եպիսկոպոս` Սուրբ Ալֆոնսիոս Մարիա Տէ Լիկուորիի տօնն է, որ է նաեւ միաբանութեան մը հիմնադիրը։ Ան եղած է ԺԹ դարու ամէնէն ժողովրդական սուրբերէն մին մասնաւորապէս <<ապաշխարութեան>> խորհուրդի մասին իր վարդապետութեան համար։ Սուրբ Ալֆոնսիոս խոստովանցողները կը յորդորեր ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարել` ներկայացնելով Աստուծոյ ուրախ ողջագորումը որ իր անսահման ողորմութեամբ երբէք չի յոգնիր ընդունելու ամէն մէկ ապաշխարած զաւակ։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Ալֆոնսիոսի աղօթքի վարդապետութեան վրայ որ աղօթքը նկատած է որպէս <<անհրաժեշտ եւ ապահով միջոց մը, ընդունելու համար փրկութիւնը եւ բոլոր այն շնորհքները որ դէպի հոն կ՛առաջնորդեն>>։Սրբազան Հայրը ապա մեկնաբանեց նախադասութեան իմաստը մէջբերելով Սուրբ Ալֆոնսիոսի ասացուածքը <<Ով որ կ՛աղօթէ կը փրկուի ով որ չ՛աղօթեր կը կորսուի>>։
Մեր կեանքին համար ի՞նչ է անհրաժեշտը. հարց տուաւ Սրբազան Հայրը - ու Սուրբ Ալֆոնսիոսի խօսքերով պատասխանեց <<առողջութիւնը եւ բոլոր այն շնորհքները որ մեզի այդ առողջութիւնը կ՛ապահովէն>> ու աւելցուց <<ամէն բանէ աւելի մենք պէտք ունինք Քրիստոսի փրկարար ներկայութեան որ մեր գոյութիւնը ուրախութեամբ կը լեցնէ>>։ Միայն աղօթքի միջոցաւ է որ կռնանք ընդունիլ Քրիստոսը ու անոր Շնորհքը որ մեզ կը լուսաւորէ եւ ցոյց կու տայ իսակական բարիքը, մեզ կը զօրացնէ մեզ դարձնելով բարին գործողներ>>։
Տիրոջ աշակերտը գիտակից է թէ փորձութեան մէջ կռնայ իյնալ միշտ ու ասոր համար Աստուծոյ օգնութիւնը կը յայցէ, աղօթքով։ Մենք եւս, գիտակից մեր տկարութեան, խոնարհութեամբ խնդրելու ենք Աստուծոյ օգնութիւն, Անոր անսահման ողորմութեան վստահելով։

Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով- Սուրբ Ալֆոնսիոսը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը որ կեանքի էական մաս մըն է, կ՛աճի միայն առօրեայ աղօթքով եւ խորհուրդներու մատակարարութեան մասնակցնելով ու Աստուածային այս ներկայութիւնը կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը, կը լուսաւորէ մեր ճանապարհը ու զայն ապահով ու խաղաղ կը դարձնէ նոյնիսկ դժուարութաեն եւ վտանքի ժամանակ>>

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք յորդորելով ամէնուրէք տարածելու Աետարանի վկայութիւնը հուսկ ներկաներուն մաղկելով բարի արձակուրդ ջամբեց իր առաքեալական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.