2012-08-01 15:18:36

Հարկաւոր Է Քրիստոնեայ Արեւմուտքը Վերաւետարանել Կ'ըսէ Գերապայածառ ֆիզիքելլան։


Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Գերապայածառ ֆիզիքելլայի գնահատումով հարկաւոր է քրիստոնեայ Արեւմուտքը վերաւետարանել։ Արեւմտեան ընկերութիւնները, որոնք քրիստոնեական մշակոյթով կազմուած էին, անգրագէտ դարձած են քրիստոնեական հաւատքի տեսակէտով, յայտարարած է գերապայածառ ֆիզիքելլան։ Նոր աւետարանութիւն կը նշանակէ կարող ըլլալ խանդավառութեամբ ճանչցնել Աւետարանը նոր սերունդին, որպէսզի իր կարգին կարողանայ պաշտպանել կեանքի արժանաւորութիւնը ու մարդու իրաւունքը։
Ներկայ աշխարհը տագնապի մէջ է եւ այդ տագնապը տնտեսականէ աւելի մարդաբանական բնոյթ ունի։ Ներկայ տագանապալից մարդը առանց ապագայի եւ առանց յոյսի կեանք մը կ'ապրի` թիրախ առանձնութեան ու մելամաղձութեան։
Նոր աւետարանութեան նպատակն է դուրս բերել կղզիացած մարդը եւ ուղղել զայն դէպի սիրոյ ճանապարհը։ Աստուած սէր է ու մարդը ստեղծեց իր պատկերին ու նմանութեան համաձայն։ Յաչս ներկայ տագանապին, քրիստոնեան կանչուած է ըլլալու քարոզիչը Աստուծոյ խօսքին` Աւետարանին։ Քրիստոսը քարոզելու համար պայման է որ զինք ճանչնանք, որպէսզի մեր կարգին կարողանանք Քրիստոսը ճանչցնել ուրիշներուն, այս է նպատակը նոր Աւետարանութեան ըսաւ գերապայածառ ֆիզիքելլա։ Քրիստոնեայ հասարակութեան պարտականութիւնն է հաղորդել ուրիշներուն Քրիստոսի յոյսի ու սիրոյ Աւետարանը։
Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2010ին նշանակեց գերապայծառ ֆիզիքելլա որպէս նախագահը Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Անոր պարտականութիւնն է` վերարծարծել հաւատքը քրիստոնեայ երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.