2012-08-01 12:33:05

Հալէպի Հայ Երիտասարդութիւնը Օգնութեան Կը Փութայ Սուրիացի Արաբ Հայրենակիցներուն


Հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն, հալէպահայ երիտասարդներ` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան տարբերանշանով եւ Սուրիոյ դրօշով շապիկներով, սնունդ կը բաժնեն Հալէպի վերջին դէպքերէն տուժած արաբներուն, ինչպէս նաեւ` աւելի կանուխ կազմակերպած էին փողոցներու մաքրութեան աշխատանքներ այսպէս կը նշէ «Հալէպի լրատուական ցանց» ֆէյսպուքեան էջը։
Փողոցներուն մէջ ձգուած աղբը եւ աղբահաւաքներու բացակայութիւնը, իրենց կարգին, մտավախութիւն յառաջացուցած էր, որ կրնան հիւանդութիւններ տարածուիլ:
Կը շարունակուին կրակահերթեր լսուիլ ժամանակ առ ժամանակ` տարբեր ուղղութիւններով: Մարդիկ կը վարանին բանալ իրենց խանութները:
Երէկ կանուխ առաւօտէն Հալէպի բնակչութիւնը գգուշաւոր է եւ հայեացքը երկինք ուղղած` փորձելով որսալ հրազէնի շարունակական ձայներու աղբիւրը:
Քաղաքին մէջ բաւարար սնունդ կայ, սակայն գիները համեմատաբար աճած են: Հաց կայ եւս, սակայն հերթեր կը գոյանան փուռերուն մօտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.