2012-08-01 15:09:52

Կրօնական Կրթութեան Խնդիրները Հայաստանեան Դպրոցներու Մէջ.


Քննարկում- ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի միջգերատեսչական յանձնախումբը մշակած է 2012 թուականին «մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան» նախագիծ, ուր իբրեւ նպատակ նշուած է. «կրօնի եւ հաւատքի վերաբերեալ դպրոցական ուսուցման ծրագրերու վերանայումը դպրոցներու մէջ` Կրօններու եւ հաւատքներու դպրոցական ուսուցման Թոլեդոյի ուղղորդող սկզբունքներուն համապատասխան». այս մասին այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ ուսումնասիրութեան համահեղինակ Ստեփան Դանիէլեանը: Այս քննարկման նպատակը Թոլեդոյի ուղեցոյցային սկզբունքներուն համապատասխան` Հայաստանի դպրոցներու մէջ մոնիթորինկի իրականացումն է, որուն համար ուսումնասիրուած է կրօնի եւ հաւատքի ուսուցման ներպետական օրէնսդրական հիմքը, դասագիրքերու բովանդակութիւնը, դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը:
Թոլեդոյի ուղեցոյցի մէջ ԵԽ անդամ պետութիւններուն կը յանձնարարուի, տարածել այդ փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ դպրոցներու մէջ իրականացնել մոնիթորինկ` պարզելու համար, թէ որքանո՞վ ուսուցումը կը համապատասխանի անկողմնակալութեան եւ իրաւունքներու ապահովման մասին պետութեան պարտաւորութիւններուն:
«Նշուած ուսումնասիրութեան մէջ (ըսաւ Ս. Դանիէլեան) լայնօրէն օգտագործել ենք միջազգային իրաւական փաստաթղթերը եւ, յատկապէս, Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի նախադէպային որոշումները: Այցելել ենք Հայաստանի տարբեր մարզերի դպրոցներ, հանդիպել դպրոցների տնօրէնների հետ, ուսուցիչների եւ ծնողների, հանրակրթութեան մարզային պատասխանատուների, կրօնական կազմակերպութիւնների հետ եւ անցկացրել ենք քննարկումներ»:
Ուսումնասիրութեան հեղինակները յոյս կը յայտնեն, որ դպրոցներու մէջ չի դասաւանդուիր դաւանաբանութիւն, սակայն պէտք է պահպանուին կրօնի մասին միջազգային չափանիշերն ու չարգիլուի ոչինչ: Անդրադարձ եղաւ նաեւ կրօնի դասագրքերուն. ««ործող դասագրքերում խնդրահարոյց է ոչ միայն բովանդակութիւնը` կապուած կրօնական հանդուրժողականութեան սկզբունքի հետ, այլեւ պատմական փաստերը, դրանց մեկնաբանութեանը (ըսաւ Ստեփան Դանիէլեան) պէտք է անդրադառնան հմուտ պատմաբանները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.