2012-08-01 15:09:50

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։


Ղեւոնդ Երէց

Յստակացում մը ամէն բանէ առաջ. Նոյն Ղեւոնդ երէցը չէ որ Վարդանանց հերոսամարտին` առաջնորդեց հոգեւորապէս հայ ժողովուրդը դէպի մարտիրոսական մահ, նախընտրաբար քան ուրացումը քրիստոնէական կրօնի։
Ղեւոնդ ապրած է 8-րդ դարուն մէջ եւ իբրեւ եկեղեցական մասնաւոր գործունէութիւն մը չէ մշակած, այլ հաւանաբար եկեղեցւոյ մը աւագերէցը եղած է։ Ղեւոնդի երկրորդական աստիճանի գրող մը ըլլալը կը փաստեն նոյնիսկ արեւելագէտ եւրոպացիներ, որոնք իր ոճին ու գրութեան մէջ թէեւ կը նշամարեն իր ականատեսի վկայութիւնը սակայն ոչ իմաստութիւն եւ ոչ ալ հանճար։
Տրուած ըլլալով որ իր Պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ 788 թուականը, հաւանական է որ ինք եւս վախճանած ըլլայ նոյն կամ յաջորդ տարուան ընթացքին, որ Ստեփանոսի կաթողիկոս ընտրութեան տարին է։
Ղեւոնդ երէց գրած է ընդարձակ պատմութիւն մը, հայ-արաբական շրջանին, որ կը սկսի 661 թուին եւ կը վերջանայ 788-ին. Մօտ 128 տարուայ շրջան մըն է, որուն թերեւս աւելցնելու է 661-էն առաջ նկարագրած մօտ 30 տարուայ շրջան մը, ուր կը պատմէ Մուհամէտի յաջորդներու ասպատակատջթիւնները։
Իր պատմութեան գրքին անունն է. Պատմաբանութիւն Ղեւոնդեայ Մեծի Վարդապետին Հայոց, որ յաղագս երեւելոյն Մահմէտի. Ապա կ՛աւելցնէ. Եւ զկնի նորին, թէ որպէս եւ կամ որով օրինակաւ տիրեցին տիեզերաց, եւս առաւել թէ Հայոց Ազգիս։
Պատմութիւնը կը սկսի Մուհամէտի մահուընէն սկսեալ, երբ իր յաջորդները, Ապուպէքիր, Օմար եւ Օսման խալիֆաները սրբազան պատերազմ հռչակեցին Մուհամէտի սորվեցուցած կրօնին հակառակողներուն դէմ։ Ապա` հակիրճ կերպով կը պատմէ նոյն շրջանի դէպքերը, մինչեւ 661 թուականը։
661-ին է որ Մուավիէյի խալիֆայութեան ժամանակ, Արաբները կը գրաւեն Հայաստանը. Հայերը կը դառնան հարկատու Արաբներուն եւ 662-ին` Խալիֆան կ՛անուանէ Գրիգոր Մամիկոնեանը որպէս իշխանապետ Հայոց։
Հետաքրքրական է սակայն որ Շապուհ Բագրատունի իշխանը եղաւ որ խնդրեց Ղեւոնդէն գրել այս պատմութիւնը։ Այս կը նշանակէ թէ մինչ այդ` 150 տարուայ ընթացքին, Բագրատունիներու տունը սկսած էր ճանչցուիլ եւ յառաջանալ երկրի իշխանութեան մէջ, հասնելու համար ի վերջոյ թագաւորութեան աստիճանի։
Ինչպէս որ ըսինք նախապէս, ինչ որ էական է Ղեւոնդ Երէցի պատմութեան մէջ, պատմական իրականութիւնն է որ արտայայտած է ճշգրտօրէն, ուղիղ ժամանակագրութեամբ մը որ կը բարձրացնէ արժէքը իր գրութեան։ Անշուշտ իր ոճը հեռու է նմանելէ Ոսկեդարի հեղինակներու ոճին, սակայն եւ այնպէս իր ժամանակի նեղ եւ դժուար օրերուն համեմատ, կրնայ սեպուիլ որպէս նմոյշ մը 8-րդ դարու մատենագրութեան։
Իր պատմութեան մէջ բաւական մեծ տեղ կը գրաւէ Լեւոն Իսասւրացիի դաւանաբանական նամակը` ուղղուած Օմար Բ. Խալիֆային։ Սակայն շատ մեծ կարեւորութիւն մը չունի հայկական պատմութեան վերաբերմամբ։
Իր այս գրութիւնը թարգմանուած է առաջին անգամ ֆրանսերէն լեզուի Կարապետ Վրդ. Շահնազարեանի կողմէ, Փարիզի մէջ, 1859-ին. Ռափայէլ Պատկանեան ալ զայն թարգմանած է ռուսերէնի եւ հրատարակած է 1862-ին։
Որքան ալ փոքր ըլլայ Ղեւոնդ Երէցի նպաստը հայկական գրականութեան, սակայն միշտ կը մնայ մեր մատենագրութեան կարեւոր երկերէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.