2012-07-31 11:29:15

Քահանայապետական Նշանակում


Պենետիկտոտս ԺԶ Քահանայապետը անուանեց կարտինալ Սանդոս Ի Գասդելլօ որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու Ալպանիայի Սաբէ թեմին հաստատումին 950-րդ տարեդարձի հանդիսութիւնները։
Աղեքսանտր Բ Քահանայապետի կողմէ 1062-ին հիմնուած թեմի տօնախմբութիւնները տեղի պիտի ունենան 29 սեպտեմբեր 2012-ին։ Ներկայիս թեմը կը հաշուէ 70 հազար կաթողիկէ հաւատացեալ` քաղաքին բնակչութեան մէկ երրորդը։ Յայտնենք որ, Վատիկանի տուեալներուն համաձայն, Ալպանիան ներկայիս կը հաշուէ 3,1 միլիոն բնակիչ, որուն կէս միլիոնը կաթողիկէ են ։
Կարտինալ Սանդոս Ի Գասդելլօն նոյեմբեր 2011-էն սկսեալ պատասխանատուն է Հռոմի Տիրամօր աւագ եկեղեցւոյ։ Ան նախապէս ծառայած է Ս. Աթոռի դիւանագիտութեան մէջ եւ մասնաւորապէս Պալքանեան երկիրներու մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.