2012-07-31 11:49:26

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիվատիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Lոմպարտին շաբթուայ իր խմբագրականը նուիրած է Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական Խաղերուն։
Յիսուսեան միաբանը կ՛անդրադառնայ 1992-ի Պարչէլլոնայի ողիմպիական խաղերու առթիւ <<Ոսկիէն աւելի>> նշանաբանով սկիզբ առած համիութենական նախաձեռնութան մասին, <<միասնաբար կառուցելու Աստուծոյ Թագաւորութիւնը>> ողիմպիական ուրախ եւ բազմամշակութային մթնոլորտին մէջ։
Հայ Լոմպարտին կոչ կ՛ուղղէ կանքգ չառնելու միայն մարմնի մշակոյթի դիմաց այլ - հաստատած է Ան- հարկ է ըմբռնել թէ այդ մարմինը կազմաւորուած է եւ առաջնորդուած` կամքի եւ հոգիի կողմէ որ անոր մէջ կը բնակին։
Հայր Լոմպարտին հուսկ կը հաստատէ թէ արդար է ողիմպիական խաղերը կապել անխզելիօրէն <<խաղաղութեան յոյսին>>` միաջազգային համայն մարդկութեան համար այնպէս ինչպէս մաղթած էր Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 22 յուլիսի արտասանած հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին <<աղօթենք որ Լոնտոնի խաղերը ըլլան երկրի ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան իսկական յոյս>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.