2012-07-31 11:43:53

Լիբանանի Մօտ Առաքելական Դեսպանին Ելոյթը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան Մասին։


Միջին Արեւելքի նուիրուած Վատիկան կատարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսէն երկու տարի ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ սեպտեմբերին Լիբանան կ'այցելէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներուն յանձնելու առաքելական յորդորագիրը։
Լիբանանի մօտ առաքելական դեսպան `գերապայծառ Կապրիելէ Գաչիա մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ Միջին Արեւելքի մասին Հռոմ գումարուած երեք շաբաթուայ տեւողութեամբ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը եղաւ նոր Պենետեկոստէ մը, ուր կարելի եղաւ փորձարկել եղբայրակցութիւնը, ապրիլ ու բաժնել Աստուծոյ խօսքը ու բաժնեկցիլ իւրաքնչիւր համայնքի հարցերն ու յոյսերը։
Խօսելով Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան մասին առաքելական դեսպանը մատնանշեց որ քրիստոնեաները եւ յատկապէս կաթողիկէ վեց համայնքները մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը։ Ան մատնանշեց նաեւ որ ոչ քրիստոնեայ համայնքները եւս միշտ մեծ յարգանք ցոյց տուած են Սրբազան Քահանայապետին անձին հանդէպ։ Տարակոյս չկայ որ Սրբազան Հօր այցելութիւնը մեծ քաջալերանք մը պիտի հանդիսանայ քրիստոնեաներուն համար քանի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Միջին Արեւելքի հանդէպ միշտ յարգանք, շահաքրքրութիւն եւ սէր ցուցաբերած է։ Միջին Արեւելքի ժողովուրդէն ան պիտի ընդունի փոխադարձ յարքանք ու սէր - ըսած է Վատիկանի ներկայացուցիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.