2012-07-31 11:12:43

Արամ Կաթողիկոս Կոչ Կ՛ուղղէ Օգնելու Սուրիոյ Հայութեան


Անթիլիասէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն հետ եւ յատուկ հոգածութեամբ ու գնահատանքով կը հետեւի անոնց աշխատանքներուն: Իմանալով կարգ մը ընտանիքներու տնտեսական դժուարութիւնները՝ վեհափառ հայրապետը անմիջապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ գումար մը տրամադրած է Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանին, յատկացուելու համար սննդեղէնի եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներու:
Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտած է Սուրիոյ հայութեան գործնապէս նեցուկ կանգնելու հրամայականը:
«Միջին Արեւելքի գաղութներու կենսունակ ու կազմակերպ պահպանումը առաջնահերթութիւն է՝ մեկնելով մեր ազգի ընդհանրական եւ գերագոյն շահերէն:
Լիբանանի հայութիւնը մնաց կանգուն լիբանանեան ահաւոր պատերազմի օրերուն, շնորհիւ իր հաւաքական կամքին, հաւատքին ու միասնականութեան:
Նոյնը կոչուած է կատարելու Սուրիոյ հայութիւնը: Արդ, զգացական արտայայտութիւններ ունենալու կամ թելադրութիւններ կատարելու ժամանակը չէ:
Հարկ է գործնապէս զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուարութիւնները», ըսած է վեհափառ հայրապետը:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. թելադրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն նիւթական աջակցութիւն ապահովելու Սուրիոյ ազգային վարժարաններուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.