2012-07-30 13:10:03

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


- 28 յուլիսէն 5 օգոստոս Լեհաստանի մէջ կը նշուի նոր աւետարանութեան առաջին համաժողովը որուն կը մասնակցին աւելի քան 1200 հոգիներ որոնք կը ներկայացնեն աւետարանացումի առաքելութեամբ զբաղող 300 կազմակերպութիւններ։ Սոյն համաժողովի պատուոյ հիւրերէն է նաեւ Նոր Աւետարանացումի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլան։


- 30 յուլիսէն - 3 օգոստոս Բէրուի Լիմա քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ակոստինեան Միաբանութեան դաստիարակներու Գ վեհաժողովը որուն կը մասնակցին, համայն աշխարհէն Լիմա ժամանած, աւելի քան 250 դաստիարակներ ու աշակերտներ։ Վեհաժողովին բնանիւթն է <<Աւետարանի դուռը, ճանապարհորդութիւն դէպի Արքայութիւն>>։

- 30 յուլիսին Վաշէնկթոնի մէջ կը ներկայցուի Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան կողմէ պատրաստուած, աշխարհի մէջ կրօնի ազատութեան մասին հրատարակուած տեղեկագրութիւնը։ Ներկայացումի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Ամնի Պետքարտուղար Հիլարի Քլինթոն։

- Այսօր 30 յուլիսին վերջ գտաւ Լատին Ամերիկիոյ եւ Գարայիպեան կղզիներու եպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու պատուիրակներու պատրաստողական ժողովը ի տես յառաջիկայ հոկտեմբերին` Նոր Աւետարանութեան նիւթին մասին, Վտաիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական 13րդ սիւնհոդոսին։ Վերոյիշեալ ժողովին մասնակցած է, ի մէջ այլոց, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչ արքեպիսկոպոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.