2012-07-28 09:14:58

Լոնտոն-2012»-ը Սկսած է


Մեծ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ հանդիսաւոր կերպով կայացաւ 30–րդ Ողիմպիական խաղերուն բացման արարողութիւնը:
Բրիտանացի եօթ երիտասարդ մարզիկներ վառեցին ողիմպիական կրակը, որ «Ողիմպիական» մարզադաշտ հասցուց բրիտանացի թիավար, անընդմէջ հինգ ողիմպիական խաղերու ախոյեան Սթիւ Ռետկրէյվը, որ իր հերթին ստացած էր կրակը անգլիացի ֆութպոլիստ Տէյվիտ Պեքհեմէն:
Մրցոյթը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 12, ընդհանուր առմամբ պիտի խաղարկուի մետալներու 302 հաւաքածու` 36 մարզաձեւի մէջ:
Մրցոյթին կը մասնակցին 204 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Բացման արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրեր, աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, ներառեալ` մօտ հարիւր նախագահ եւ վարչապետ: Այստեղ էր նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Մինչ ողիմպիական կրակը վառելը, Մեծ Բրիտանիոյ Ելիզաւէտ 2–րդ թագուհին յայտարարեց ողիմպիական խաղերուն բացումը: Այնուհետեւ մասնակիցները տուին ողիմպիական երդում: Մարզիկներուն անունով անիկա կարդաց Սառա Սթիւընսըն` թեքուանտոյէն առաջին բրիտանացի աշխարհի ախոյեանուհին:
Բացման արարողութեան, որ բեմադրած էր յայտնի բեմադրիչ Տեննի Պոյլը, Լոնտոնի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ կը հետեւէր 80.000 մարդ եւ շուրջ 1 միլիառ մարդ` հեռուստացոյցով:
Արդէն այսօր պիտի խաղարկուի մետալներու 12 հաւաքածու:
Ինչպէս տեղեկացուցած ենք նախապէս, Հայաստանէն այս նշանակալի իրադարձութեան պիտի մասնակցի 25 մարզիկ, որոնց չորսը հանդէս պիտի գան արդէն այսօր: Անոնք են` Յովհաննէս Դաւթեան` ճիւտօ (60 քկ), Արթուր Դաւթեան` մարմնամարզութիւն, Նորայր Բախտամեան` հրաձգութիւն եւ Անդրանիկ Յակոբեան` բռնցքամարտ:
Ցաւօք, երէկ երեկոյեան յայտնի դարձաւ, որ մարզումներու ժամանակ ստացած վնասուածքի պատճառով՝ ամենայն հաւանականութեամբ՝ մրցասպարէզ չի ներկայանար ծանրամարտիկ Տիգրան Գ. Մարտիրոսեանը, որ մեր հաւաքականի հիմնական յոյսերէն մէկն էր եւ կը համարուէր մետալի իրական յաւակնորդ:









All the contents on this site are copyrighted ©.