2012-07-28 08:49:38

Լիբանան։ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Ճամբորդութեան Պաշտօնական Նշանապատկեր։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ 14 - 16 սեպտեմբեր Լիբանան կատարելիք առաքելական այցելութեան առթիւ անցեալ 19 յուլիսին Պէյրութի մէջ մամուլին ներկայացուեցաւ Ճամբորդութեան պաշտօնական կայքէջն ու Նշանապատկերը։
Սրբազան Քահանայապետը` Սուրբ Պետրոսի յաջորդը` ներկայացուած է որպէս խաղաղութեան աղաւնի` երկրի վրայ խաղարարար պատգամաբեր։ Այս աղաւնին կ՛ուղղուի դէպի այն երկիրը զոր երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուցած էր որպէս << աւելի քան երկիր` Լիբանանը պատգամ մըն է>> ։ Նշանապատկերի կարմիր կանաչ եւ ճերմակ գոյները կը ներկայացնեն Լիբանանու դրօշի գոյները։ Մէջտեղ զետեղուած լիբանանը խորհրդանշող մայրրի ծառը։ Նշանապատկերի եզերքին զետեղուած է նաեւ խաչ մը` ներումի եւ փրկութեան խաչը։ Հաւատք, աղօթք եւ խաղաղութիւն արտայայտող այս նշանապատկերը կը յայտնէ թէ դէպի ազատութիւն տանող միակ ճանապարհը մեր Փրկիչին Խաչն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.