2012-07-27 11:06:39

Քոնկրեսականներ Կ՛ողջունեն Ղարաբաղի Ընտրութիւնները


Ամերիկացի տասնեակ մը քոնկրեսականներ, որոնց շարքին` քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի երկու համանախագահներ Էտ Ռոյս եւ Ֆրենք Փալոն, Հաուըրտ Պըրմըն, Պրետ Շըրմըն, Էտըմ Շիֆ, Ճիմ Քոսթա, Տէյվիտ Սիսիլինի, Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփայըր, ողջունեցին 19 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:
Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը հաղորդեց, որ հայամէտ քոնկրեսականները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեցին, որ ընտրութիւնները բարձր գնահատականի արժանացան շուրջ 110 միջազգային դէտերու կողմէ:
Ամերիկացի օրէնսդիրները շնորհաւորեցին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը` ժողովրդավարական ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարելու, իսկ Բակօ Սահակեանը` նախագահ վերընտրուելու առիթով, եւ յաջողութիւն մաղթեցին Ղարաբաղին դէպի անկախութիւն իր ճամբուն վրայ` վերահաստատելով այդ հարցին մէջ ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերելու իրենց պատրաստակամութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.