2012-07-27 10:50:32

Պարէնի Համաշխարհային Նոր Ճգնաժամ. Կը Սպասուի ԱՄՆ-ի Վերջին 50 Տարուան Ամենադաժան Երաշտը


1956-էն ի վեր ԱՄՆ-ի մէջ եղած ամենադաժան երաշտը կը սպառնայ պարէնի նոր համաշխարահային ճգնաճամ յառաջացնել։ Այս մասին կը գրէ The Telegraph-ը:

Երկրի գիւղատնտեսական գլխաւոր կեդրոն համարուող հիւսիս-կեդրոնական նահանագներուն մէջ՝ երկարատեւ տաքերու պատճառով՝ հացահատիկի եւ սոյայի գիները արձանագրած են ցուցանիշ համարուող աճ, որ չէր նկատուած վերջին` 2008-ի պարէնի համաշխարահային ճգնաժամէն ետք:

Այս առիթով տնտեսագէտները կը նախազգուշացնեն, որ երաշտի հետեւանքները զգալի պիտի ըլլան ողջ աշխարհին համար, քանի որ ԱՄՆ-ն աշխարհի մէջ եգիպտացորենի, սոյայի արտադրողն ու ցորենի խոշորագոյն արտահանողն է:

Միայն վերջին ամսուան ընթացքին՝ եգիպտացորենի գինը աճած է 51%-ով, ցորենինը` 40%, իսկ սոյայինը` մօտ 20%-ով








All the contents on this site are copyrighted ©.