2012-07-27 11:06:30

Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Կը Գտնուի Ողիմպիական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան։


Ուրբաթ 27 յուլիսի երեկոյեան ժամը 19.30 Լոնտոնի Օլիմբիք Սդատիում կոչուած մարզադաշտին մէջ սկիզբ տեղի կ՛ունենայ Ողիմպիական 30րդ Խաղերու 2012-ի բացման արարողութիւնը որուն ներկայ կը գտնուի նաեւ, ուրիշ երկիրներու ղեկաւարներու շարքին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահը նոյն օրը պիտի մասնակցի նաեւ Անգլիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին անունով տրուող ընդունելութեան:
Աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ պիտի մասնակցի նաեւ բրիտանահայ համայնքի, եկեղեցական խորհուրդի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Բրիտանիոյ գրասենեակին կողմէ կազմակերպուելիք ընդունելութիւններուն:
Ողիմպիական խաղերու առթիւ ՀՀ նախագահը մը ուղերձ յղած է ողիմպիական խաղերու հայաստանցի մասնակիցներուն`
Սիրելի մարզիկներ եւ մարզիչներ. Հայաստանը հերթական անգամ իր պատուիրակութեամբ կը ներկայանայ համաշխարհային գլխաւոր մարզահանդէսին` ամառնային ողիմպիական խաղերուն:

Համոզուած եմ, որ պատուով պիտի ներկայացնէք մեր երկիրը, ազնիւ մրցակցութիւն պիտի ծաւալէք մրցասպարէզներու մէջ, լիովին պիտի դրսեւորէք ձեր վարպետութիւնը, հմտութիւններն ու պատուով պիտի պաշտպանէք Հայաստանի մարզական դրօշին պատիւը:

Անշուշտ կը գիտակցիք, որ ձեր մրցելոյթներուն ուշադրութեամբ պիտի հետեւին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները: Կը հաւատամ, որ պիտի արդարացնէք սպասելիքները, նոր նուաճումներով պիտի հարստացնէք ողիմպիական խաղերու հայաստանցի ախոյեաններու եւ մրցանակակիրներու շարքը եւ ձեր արժանի տեղը պիտի գտնէք հայրենական սփորթի պատմագիրքին մէջ:

Անձամբ պիտի հետեւիմ «Լոնտոն– 2012»-ի ընթացքին, պիտի ըլլամ հայ մարզիկներու ջերմեռանդ սիրողներէն մէկը:


Աւելին, կը փափաքիմ ըլլալ ձեր յաղթանակներուն ականատեսը, որպէսզի միասին ապրինք յաջողութիւններու բերկրանքը:

Զինուինք համբերութեամբ` յաղթանակներու ակնկալիքով: Ձեզ բարի ճանապարհ եւ յաղթական վերադարձ:








All the contents on this site are copyrighted ©.