2012-07-26 12:20:52

Վատիկանի ’Populorum progessio’ Հիմնադրամը Շուրջ 3 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրէ Լատին Ամերիկայի Բնիկներուն։


Վատիկանի ’Populorum progessio’ հիմնադրամի վարչական մարմինը ներկայիս իր խորհրդաժողովը կը կատարէ Գոլոմպիայի մայրաքաղաք` Պոկոդայի մէջ, քննարկելու եւ վաւերացնելու Լատին Ամերիկայի բնիկներու ի նպաստ շուրջ 203 ծրագիրներ, որոնց իրականացումը կը պահանջէ շուրջ 3 միլիոն տոլար։
Նշենք որ Վատիկանի ’Populorum progessio’ հիմնադրամը հաստատուած է երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ 1992 թուականին։ Անոր վարչակարգը կազմուած է 10 անդամներէ նախագահութեամբ կարտինալ Սարայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.