2012-07-26 12:16:13

Սերժ Սարգսեան Լոնտոնի Մէջ Պիտի Մասնակցի Ողիմպիական Խաղերու Բացման Արարողութեան. «Հրապարակ»


Յուլիս 26-ին Սերժ Սարգսեան կը մեկնի Լոնտոն` հրաւիրուած այլ նախագահներու հետ մասնակցելու ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան: Այնուհետեւ պիտի մեկնի կարճատեւ հանգիստի` նախ Եւրոպա, ապա Հայաստան` Սեւանի մէջ հանգիստը շարունակելու:
Ի դէպ, այս օրերուն Հայաստանի ողիմպիական խումբը հանդիսաւոր կերպով Լոնտոն ճանապարհելու արարողութիւն տեղի չունեցաւ, որովհետեւ մեր ողիմպիականները եւրոպական երկիրներու մէջ ուսումնամարզական փորձերու մէջ են եւ այնտեղէն մեկնեցան Ոիմպիական մայրաքաղաք:








All the contents on this site are copyrighted ©.