2012-07-25 12:59:22

Հալէպ Քաղաքի Գերլարուած Ներկայ Կացութեան Մէջ՝՝ Հայ Համայնքը Համեմատաբար Ապահով Վիճակի Մէջ ։


Սուրիոյ ընդդիմութիւնը երկու օր առաջ յայտարարած էր երկրի երկրորդ քաղաք Հալէպը գրաւելու որոշման մասին: Արդէն չորրորդ օրն է, որ քաղաքի տարածքին կ'ընթանան սաստիկ մարտեր:
Հայաշատ Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ Tert.am-ին տեղեկացուցին, որ քաղաքը ամբողջութեամբ ամայացած է: Երթեւեկութիւնը դադրած է եւ մարդիկ դուրս չեն ելլեր իրենց տուներէն: Փողոցներուն մէջ կ'երեւին միայն կառավարական զօրքերը, որոնց նպատակը զինեալ ընդդիմադիրներու թաքստոցները գտնելն ու զանոնք ոչնչացնելն է: 23 Յուլիսի ամբողջ գիշեր քաղաքին մէջ լսուած են կրակոցներու եւ ռմբակոծութիւններու ձայներ: Թէեւ բախումները դեռ հեռու են հայկական թաղամասերէն, սակայն պայթիւններուն ձայներն ու ծուխը տեսանելի է նաեւ այնտեղ: Ըստ առկայ տեղեկութիւններուն, վերջին օրերուն Հալէպի մէջ հայ ոչ մէկ զոհ արձանագրուած է:Թէեւ Հալէպի իրավիճակը գերլարուած է, սակայն հայերը հիմնականօրէն ապահով վայրերու մէջ են եւ անոնց վտանգ չսպառնար:
23 Յուլիսի գիշերը Երեւան-Հալէպ թռիչքը՝ թէեւ ուշացումով՝ բայց կայացած է։
Միւս կողմէ ՝՝Սուրիոյ ազատ բանակի՝՝ զօրավար Ապտըլ Ճապպար Օքայիտի յայտարարած որ ՝՝Ազատ Բանակը՝՝ պիտի պաշտպանէ խաղաղ բնակչութիւնը` ներառեալ քրիստոնեաները` հայերը, ասորիները, ինչպէս նաեւ ալէուիները, շիիները եւ տիւրզիները:








All the contents on this site are copyrighted ©.