2012-07-24 12:35:06

Աղօթքի Մարաթոն Ի Պատրաստութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Այցելութեան


Օգոստոս ամսուընէ սկսեալ Միջին արեւելքի քրիտոնեաները աղօթքի մարաթոն մը կազմակերպած են ի պատրաստութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան (14-16 սեպտեմբեր)։

Լիբանանու Պքերքէ շրջանէն մինչեւ Պաղտատ` անցնելով Ղազզայի Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութենէն, նոյնանման աղօթքներ պիտի արտասանուին, մարոնիթ, մէլքիթ, քաղտէացի, ասորի եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ, մասնակցութեամբ նաեւ քոյր եկեղեցիներու հաւատացեալներուն` յայտարարած առաքելական ճամբորդութեան ընդհանուր համադրիչ հայր Մարուան Թապէդ, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ան նաեւ մատնանշած է միջին արեւելքի քրիստոնեաներու <<աճող խանդավառութեան>> Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան նկատմամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.