2012-07-23 12:05:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 22 յուլիս 2012 կէսօրին Գասթելկանտոլֆոյի ամարանոցի ներքնափակի պատշգամէն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին Աստուած ներկայացնելով որպէս Բարի Հովիւը։ <<Աստուած չ՛ուզեր որ մենք կորսուինք կամ մեռնինք այլ կ՛ուզէ որ ապրինք ու հասնինք կեանքի լիութեան։ Ամէն մէկ հայր մը կամ մայր մը այս կ՛ուզէ իր զաւկին համար>> ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա մեկնաբանեց Մարկոսի աւետարանի մէջ պատմուած <<հացերու առաջին բազմացումի>> դրուագը։

Սրբազան Հայրը ապա ըսաւ <<Չարը պատերազմ կը սերմանէ. Աստուած խաղաղութիւն կը ստեղծէ։ Առ աւելին, ինչպէս կը հաստատէ Սուրբ Պօղոս` <<Քրիստոս մեր խաղաղութիւնն է, ինքն էր որ երկու ժողովուրդներով գոյացուց մէկ ժողովուրդ, քանդեց ցանկապատի միջնորմը եւ թշնամութիւնը իր մարմնին մէջ>>։ Եւ այս հաշտութեան գործը կատարելու համար Յիսուս դարձաւ գառնուկ <<գառն Աստուծոյ որ կը վերցնէ աշխարհի մեղքը>>

Սիրելի եղբայրներ, յարեց Նորին Սրբութիւնը, այս բարերը մեր սիրտը կը հրճուանքով կը լեցնեն որով կ՛արտայայտեն մեր խոր իղձը ձգտիլու կեանքին` յաւիտենական կեանքին։

Մարիամ Քրիստոսի Մայր ու մեր խաղաղութիւնը աղօթէ մեզի մեր։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու Գոլորատօ նահանգի Տէնվէր քաղաքի շարժապատկերի մը սրահին մէջ կատարուած ոճրագործութեան որ 12 մեռեալ եւ 59 վիրաւոր պատճառեց։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց 2012-ի ողիմպիական խաղերուն սկիզբ պիտի առնեն մեծն Պրիտանիոյ մէջ, յառաջիկայ ուրբաթ 27 յուլիսին ։ <<Իմ լաւագոյն մաղթանքներս ըլլայ կազմակերպիչներուն ըլլայ մարզիկներուն եւ ըլլայ հանդիսատեսներուն. կ՛աղօթեմ որ ողիմպիական հոգիով` այս մարզական միջազգային բարի կամք ներշնչող իրողութիւնը կարենայ պտղաբեր ըլլալ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն յառաջացնելով համայն աշխարհի մէջ։ Ու ապա իտալերէն լեզուով հրաւիրեց բոլորը աղօթելու որպէսզի Աստուծոյ կամքով Լոնտոնի այս ողիմպիական խաղերը ըլլան եղբայրութեան յատուկ փորձառութիւն մը երկրագունդի ազգերու միջեւ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.