2012-07-23 12:17:31

Աշխարհի Տարածքին 62 Միլիոն Մարդ Մարդասիրական Օժանդակութեան Կարիք Ունի։


ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու գրասենեակը հաղորդեց, որ աշխարհի տարածքին շուրջ 62 միլիոն մարդ մարդասիրական օժանդակութեան կարիք ունի` նշելով, որ սննդեղէնի անապահովութեան բացակայութիւնը, բախումները եւ բնական աղէտները այդ կացութեան ստեղծման կարեւորագոյն պատճառներէն են:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Վալերի Ամոս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ «տարուան կիսուն աւարտով քսան երկիրներու մէջ յուսահատ կացութեան մէջ գտնուող եւ անմիջական օժանդակութեան կարօտող մարդիկ կը տեսնենք: Անոնց կեանքերը քանդուեցան բախումներու, սովի եւ աղէտներու պատճառով»:
Ան յայտնեց, որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները անմիջական մարդասիրական օժանդակութեան հայթայթման կողքին նաեւ աշխատանք կը տանին հասարակութեանց դիմադրողականութիւնը բարելաւելու, որպէսզի կարենան բնական աղէտներու եւ բախումներու ազդեցութեան դէմ աւելի լաւ պայքարիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.