2012-07-23 12:11:20

«Արի Տուն»ի 5րդ Փուլը՝ Յուլիս 23ին Սկիզբ Կ՝առնէ։


ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան շէնքին մէջ Յուլիս 23ին (այսօր) տեղի կ՝ունենայ «Արի Տուն» ծրագիրի 5րդ փուլին բացումը, որուն կը մասնակցի 220 պատանիներ եւ պարմանուհիներ ՝ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, ԱՄՆէն, Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Պելոռուսէն, Էսթոնիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ Սուրիայէն:
Ծրագիրին նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը, զանոնք ծանօթացնել իրենց ժողովուրդի աւանդոյթներուն եւ սովորութիւններուն, հայ ընտանիքին, հայ մարդու հոգեկերտուածքին, ինչպէս նաեւ՝ աջակցիլ ՝՝Հայաստան-Սփիւռք՝՝ բարոյա-հոգեբանական ու կրթա-մշակութային մերձեցման:








All the contents on this site are copyrighted ©.