2012-07-21 11:27:48

Ծովու Առաքելութիւնը Տարուէտարի Համամիութենական Ծաւալ Կը Ստանայ .Կիրակի Օրերը Զանազան Դաւանանքի Պատկանող Քրիստոնեաները Միասնաբար Կ'աղօթեն։


Ամէն տարի աւելի քան 6000 նաւեր կանգ կ'առնեն Հոն Գոնկի նաւահանգիստը։ Ծովու հոգեւոր հովուութեան պատասխանատու հնդիկ հայր Վալան Արասու մեծ եռանդով կը կատարէ իր առաքելութիւնը շաբաթական 20 նաւեր այցելելով ։ Անոր առաքելութիւնը կը կայանայ նաւորդներու հետ խօսելու մէջ , անոնց հարցերը լսել եւ հոգեւոր ու բարոյական խրատներ տալ, օրհնել նոր նաւերը ու պսակել նաեւ նաւորդները։ Մէկ խօսքով անոր առաքելութիւնը կը կայանայ սնուցանելու մէջ նաւորդներու սիրտը Աստուածասիրութեամբ եւ գլխաւորելով միաժամանակ Ծիսակատարութիւնները։
Յայտնենք որ նաւորդներու մեծամասնութիւնը կու գան Չինաստանէն, Էնտոնեզիայէն, Վիէթնամէն ու արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն։ Համամիութիւնը ու կրօնական երկխօսութիւնը հիմը կը կազմեն իր խորհրդածութեան։ Կիրակի օրերը ամէն դաւանանքի պատկան նաւորդները միասնաբար կ'աղօթեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.