2012-07-21 11:34:45

2012-ը Հայ Գիրքի Տարի Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ։


Լուսարձակ` 2010 Եւ 2011 Տարիներուն Լիբանանահայ Հեղինակներու Հրատարակած Գիրքերուն Վրայ:
Հայկազեան համալսարանի Հայ տպագրութեան 500-ամեակի յանձնախումբը, հաւատարիմ իր յանձնառութեան, «Լիբանանահայ մամուլի գործիչներու մեծարանք»-ի ձեռնարկէն եւ «Լիբանանահայ մամուլի ցուցահանդէս»-էն ետք, հինգշաբթի, 12 յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպեց 500-ամեակի հանդիսութիւններէն երրորդը` նուիրուած նախորդ 2 տարիներուն լիբանանահայ 71 գրողներու, խմբագիրներու, թարգմանիչներու եւ նկարազարդողներու հեղինակած 108 գիրքերուն:
Համալսարանի «Հերիթէյճ» պարտէզին մէջ կազմակերպուած սոյն հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, լրագրողներ, ուսուցիչներ եւ գրասէր ընտրանի մը:

Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Ռոզէթ Ալեմեան-Մահսերեճեան եւ ներկայացուց այս ձեռնարկին բնոյթը, որ իր տեսակին մէջ երկրորդն է 2010-ի նմանատիպ ձեռնարկէն ետք, ապա բացատրեց, թէ ի՛նչ սկզբունքով ու առաջադրանքներով գործած է յանձնախումբը հեղինակներու ընտրութեան ու դասակարգման համար: Ապա, Մահսերեճեան ներկայացուց օրուան բանախօս վեր. Յովհաննէս Սվաճեանը:

Վերապատուելին իր խօսքին սկզբնաւորութեան ներկայացուց գիրքին անցած դարաւոր ճանապարհը եւ արժեւորեց անոր դերը բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդներու հոգեմտաւոր զարգացումին համար: Ապա ան անդրադարձաւ գիրքի եւ ընթերցանութեան վրայ արդի ճարտարագիտութեան գործած ազդեցութեան` նկատել տալով, որ փոխանակ «չընթերցողը» այպանելու, ջանք պէտք է թափել ընդհանրացնելու գիրքի ընթերցումը, «այնպէս որ ատիկա աւելի գրաւիչ ըլլայ համացանցի/ «Ֆէյսպուք»-ի ժամանցի պահէն»: Վերապատուելի Սվաճեան նշեց, որ «մեր հարցը ե-գիրքի երեւոյթը չէ, այլ` ընթերցանութեան անկումն է, որուն մէջ իրենց բացասական բաժինը ունին նաեւ` երբեմն ներկայ գիտական միջոցները, որոնք կը ջանան շատ անգամ ստեղծել անողնայար սերունդ մը, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ զայն առաջնորդելը` առանց խոչընդոտի, աւելի հեզասահ ըլլայ անոր ապրանք վաճառելը` առանց դժուարութեան եւ աւելի հանգիստ` անոր վրայ անգոյն մշակոյթ պարտադրելը` արթուն եւ քննական մտքի բացակայութեան»: Ան Հայկազեան համալսարանի այս ձեռնարկը նկատեց գնահատելի եւ կոչ ուղղեց աշխատելու այնպէս, որ «գործնական գնահատողը գրասէր եւ աշխուժ ընթերցողը ըլլայ»:
Տուտուկահարներ Յակոբ եւ Սերօ Քելուկեաններու Աշուղ Ճիւանիի «Ձախորդ օրեր»-ու կատարումէն ետք, տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին Սոնիա Սիսլեան ներկայացուց լուսարձակի տակ առնուած գիրքերն ու անոնց հեղինակները: Ցուցադրութեան առընթեր, ներկայ հեղինակները, ձեռամբ յանձնախումբի անդամներուն, ստացան շնորհաւորական գիրեր` ստորագրուած համալսարանի նախագահ վեր. դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի կողմէ:
Աւարտին սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սարգիս Նաճարեան` յայտնելով ներկայ հեղինակներուն շնորհակալութիւնը եւ գնահատելով համալսարանին այս նախաձեռնութիւնը:

Հուսկ, համալսարանի նախագահին (որ երկրէն կը բացակայէր) խօսքը կարդաց դոկտ. Արտա Էքմեքճի: Վեր. Հայտոսթեան ողջունելով ներկաները կը շնորհաւորէր հեղինակներուն յամառ ու եռանդուն աշխատանքը:
Հայկազեան համալսարանի կոչումը նկատելով նաեւ հայագիտութեան գնահատումը` անոր բազմաբովանդակ սահմանումով, վերապատուելին իր խօսքին մէջ կը հաստատէր, որ «այսօր յիշուած ամէն մէկ գիրք մեզ քայլ մը առաջ կը տանի այդ գրականագիտական մշակութային ջանքին մէջ, եւ կը մաղթեմ, որ հոգեպէս ամէն մէկ հեղինակ քայլ մը յառաջ երթայ իր մտաւորական ու հայանպաստ աշխատանքին մէջ: Ձեր բոլորին վարձքը կատար, անապատանման դաշտի դալար մշակներ»:
Հանդիսութեան աւարտին առնուեցաւ խմբանկար եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ու գիրքերու վաճառք եւ մակագրութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.