2012-07-20 12:31:35

Պատերազմ Դամասկոսի Մէջ։ Ռուսաստանն Ու Չինաստանը ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի Սուրիոյ Բանաձեւին Վրայ Վեթօ Դրած ..


Սուրիան քաոսական վիճակի մէջ ,ներառեալ մայրաքաղաք Դամասկոսը որ դարձած է պատերազմի դաշտ , ուր կեդրոնացած են բախումները յատկապէս նախագահական նստավայրի եւ կառավարական շինութիւններու մերձակայքը: Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամներ Չինաստանն ու Ռուսաստանը արգելափակեցին Սուրիոյ իրավիճակին վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը: Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցած բանաձեւը պաշտօնական Դամասկոսի նկատմամբ նոր, եւ աւելի խիստ պատժամիջոցներու կիրառում կը նախատեսէր:
Այսօր այսպէս կոչուած Սուրիոյ Ազատ Բանակը յայտարարած է, թէ գրաւած է թուրք-սուրիական սահմանի Պապ էլ Հաուա սահմանային կէտը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թուրք-սուրիական սահմանի մօտակայքը գտնուող սուրիական գիւղերուն մէջ ընթացած մարտերուն ընթացքին կառավարական զօրքերը ետ քաշուած են, եւ սահմանը այժմ կը վերահսկեն ընդդիմադիր ուժերը:
Միշտ այսօր Սուրիական Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած որ Սուրիական Կանոնաւոր Բանակը Դամասկոսի Մայտան թաղամասը ձերբազատած է զինեալներէն։
Սուրիոյ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան տուեալներով՝ Սուրիոյ 16 ամիս շարունակուող բախումներու հետեւանք զոհուած են 17 հազար 192 հոգի: Արաբական լրատուամիջոցներու համաձայն `զոհուածներու 11 հազար 897-ը պարզ քաղաքացիներ ,իսկ 4348-ը զինեալներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.