2012-07-20 12:38:37

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Ծիսագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան Համագումարին:



Ծիսագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան չորրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ Լիբանանի Լուէյզէ Համալսարանին մէջ: Համագումարին մասնակցեցան շուրջ 50 ծիսագէտներ ու համալսարանի դասախօսներ՝ Յունաստանէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն ու Հնդկաստանէն:
Համագումարի ընթացքին, ներկայացուեցան մասնագիտական դասախօսութիւններ՝ յատկապէս Արեւելեան ծէսին առնչուող նիւթերու մասին: Այս ծիրէն ներս յատուկ տեղ տրուած էր հայ եկեղեցւոյ ծէսին հետ աղերս ունեցող կարգ մը նիւթերու:Համագումարի դասախօսներէն մէկն էր Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտական Ամպիոսնի վարիչ Դոկտ. Փիթըր Քաուի:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան: Համագումարի վերջին օրը համագումարի մասնակիցները այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ լսելու իր պատգամը:








All the contents on this site are copyrighted ©.