2012-07-19 12:23:36

Վանքի Ուտագնացութեան Առիթով Դոկտ Ապատի Կաթողիկոսական Փոխանորդին Յանձնեց Ս. Թաթէի Վանքին Շնորհուած Եունեսքոյի Հռչակագիրը։


Ս. Թադէի Վանքին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագի մատուցումէն ետք, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ Գրիգոր Ծ Վրդ Չիֆթճեան, Եունեսքոյի Իրանեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Դոկտ Սէյիտ Ապատիի ձեռամբ հանդիսաւորապէս ստացաւ Ս Թադէի վանքին տրուած Եունեսքոյի հովանաւորութեան հնամեակի հռչակագիրը։ Դոկտ Ապադի խօսք առնելով վերահաստատեց Եունեսքոյի հովանաւորութիւնը, որուն հնամեակը լրացած է արդէն։ Կաթողիկոսական Փոխա-նորդ Հայր Սուրբը ստանձնելով միջազբային կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը հաստատող փաստաթուղթը, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սոյն կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն։ Օտար մասնագէտները եւ Եունեսքոյի պաշտօնական հիւրերը մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան Ս Թադէի վանքէն, մի անգամ եւս վկան դառնալով հայ ժողովուրդի խոր հաւատքին, որ քարերու լեզուով եւս արտայայտութիւն գտած էր, լեռնային ու քարահունչ մեր երկրին մէջ իրար ետեւէ դէպի երկինք խոյացնելով գմէթները աստուածպաշտութեան մեր տաճարներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.