2012-07-19 11:50:09

Դամասկոսի Մէջ Կատարուած Ահաբեկչական Աննախընթաց Յարձակումին Հետեւանք Սուրիոյ Վարչակարգի Ապահովական Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներ Սպաննուեցան Եւ Կան Նաեւ Վիրաւորներ:


Երէկ կէսօրին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Ազգային Անվտանգութեան Կեդրոնատեղիին դէմ յարձակում մը տեղի ունեցաւ, մինչ Սուրիական Վարչակարգի Ապահովական կառոյցներու ղեկավարներ եւ նախարարներ կեդրոնատեղիին մէջ ժողով մը կը գումարէին:
Յարձակումին զոհ գացին Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարար Զօր. Տաուտ Ռաժհա, Պաշտպանութեան փոխնախարար, Սուրիոյ նախագահի քեռայր Զօր. Ասեֆ Շաուքաթ եւ Սուրիոյ փոխնախագահի օգնական, Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախկին նախարար Զօր. Հասան Թիւրքմենի: Վիրաւորեալներու շարքին են Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարար Մոհամմետ Շաար, ու Ազգային Աանվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար Հիշամ Պախթիար: Վիրաւորուած է նաեւ Սուրիոյ նախագահին եղբայրը` Մահեր Ասսատ ։
Ահաբեկչական գործողութեան վերաբերեալ երեք տարբերակներ հաղորդուեցան` անձնասպանական գործողութեան մը պատճառով պայթում, պայթում ապա հրացանաձգութիւն եւ ժողովի ներկաներէն մէկուն թիկնապահը կրակ բացած է: Գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՝՝Իսլամութեան Ջոկատ՝՝ կազմակերպութիւնը, սակայն ՝՝Սուրիական Ազատ Բանակը՝՝ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած որ գործողութիւնը իրենք կատարած են եւ ոչ թէ ՝՝Իսլամութեան Ջոկատ՝՝ կազմակերպութիւնը:
Սուրիոյ նախագահը անմիջապէս հրամանագիր մը հրապարակելով զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժը նշանակեց պաշտպանութեան նախարար:
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած դէպքին պատճառով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն խնդրած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատող բանաձեւին քննարկումը յետաձգել: Ապահովութեան Խորհուրդը քուէարկութիւնը մեծ հաւականակութեամբ կատարէ այսօր 19 Յուլիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.