2012-07-18 13:35:04

Սուրիացի Ընդդիմադիրները Երկու Քաղաք Գրաւելու Մասին Յայտարարութիւն Կը Տարածեն. Ընդհարում Դամասկոսի Շուրջ։


Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ կը շարունակուին մարտերը ընդդիմութեան զինեալներու եւ կառավարական զօրքերու միջեւ: Կառավարական ուժերը «Սուրիոյ ազատ բանակ»ին դէմ պայքարին՝ երէկունէ սկսեալ կ’օգտագործեն ռազմական ուղղաթիռներ: Պետական հեռուստաընկերութիւնը հաստատած է տեղեկութիւնը` նշելով, որ Դամասկոսի Միտան, Դատամուն եւ Նահր-Այիշա շրջաններուն մէջ կառավարութիւնը սկսած է «ահաբեկիչներու դէմ» զանգուածային գործողութիւններու
Կը նշուի, որ քաղաք մուտք գործած են աւելի քան 1000 զինուած ընդդիմադիրներ։ Անոնց հրամանատար Քասեմ Սաատեթթին յայտարարած է, որ Դամասկոսի իշխանութիւններուն համար «անակնկալներ» պատրաստած են, իսկ երկրին մէջ յեղափոխութեան համար հասած են «շրջադարձային կէտ»ի:
«Ալ Ճազիրա» հեռուսաընկերութիւնը, իր հերթին տեղեկացուցած է, որ ընդդիմութիւնը յաջողած է Գապուն բնակավայրի մօտակայքը կառավարական ուղղաթիռներէն մէկը կործանել: Իսկ այսօր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դարձեալ պիտի քննարկէ Սուրիոյ հարցը, որուն ընթացքին պիտի որոշուի ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութեան ժամկէտը երեք ամիսով երկարաձգելու հարցը:
Իսկ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ բանագնաց Քոֆի Աննան երեկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Փութին վերահաստատած է Ռուսաստանի դիրքորոշումը` նշելով, որ իրենք կը սատարեն Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման Աննանի ծրագրին, եւ պատրաստ են ամէն ինչ ընել` անոր իրագործման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.