2012-07-18 12:05:46

Սկիզբ Առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նախաձեռնած Յուշամատեաններու Հրատարակութիւնը։


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այլ ձեռնարկներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին անմիջական հսկողութեամբ նախաձեռնած է Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններու նուիրուած յուշամատեաններու հրատարակութեան: Շուրջ 100 հատորներէ բաղկանալիք յուշամատեաններու հրատարակութեան այս եզակի ծրագիրը արդէն իսկ գործնական ընթացքի մէջ մտած է:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ յուշամատեաններու շարքին առաջին հատորը` Բիւզանդ Եղիայեանի հեղինակութեամբ «Պատմութիւն Ատանայի հայոց»: Հատորը կը բաղկանայ աւելի քան 100 էջերէ. անոր մեկենասն է Ապու Տապիէն տէր եւ տիկին Գրիգոր Մահսերեճեան:
Իւրաքանչիւր հատորին տպաքանակը պիտի ըլլայ 1000 օրինակ, եւ օրինակներ պիտի տրամադրուին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր մատենադարաններուն, կրթական ու մշակութային կառոյցներուն եւ հայրենակցական միութիւններուն: Շարքին երկրորդ թիւը` «Պատմութիւն Հաճնոյ հայոց»ն է որ տպագրութեան ընթացքի մէջ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.