2012-07-18 12:05:56

Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը- Երեւան։


Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Խաչատուրեանը: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունելով հիւրը ներկայացուց «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծրագիրը եւ կարեւոր համարեց լիբանանահայերուն մասնակցութիւնը փառատօնին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համատեղ մշակութային կրթական եւ գիտական ծրագիրներ իրականացնելու Հայաստանի մէջ Լիբանանէն ներդրողներու ներգրաւուածութեան մեծացման հեռանկարները: Քննարկուեցան նաեւ նախարարութեան «Լիբանանահայ համայնքի օրեր» ծրագրին ծիրէն ներս «Լիբանանահայ մշակութային օրերը Երեւանի մէջ» ձեռնարկ կազմակերպելու հնարաւորութեան մասին հարցեր: Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Արա Խաչատուրեանին նուիրեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ տպագրուած «Ցաւի, Յիշողութեան եւ Պայքարի Կոթողներ» պատկերագիրքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.