2012-07-18 12:04:27

Կիրակի 5 օգոստոս 2012
Բարեկենդան Աստուածածնի
Մարկ. Բ, 13-17


«Եկուր իմ ետեւէս, իսկոյն ան ալ ելաւ եւ անոր ետեւէն գնաց»
Շատ գեղեցիկ է Մատթէոս Աւետարանիչի կոչումը: Ան մաքսաւոր մըն էր՝ հրեաներու կողմէ մեղաւոր նկատուած եւ ատելութեան նշաւակ, որովհետեւ իր պաշտօնն էր հարկ հաւաքել ժողովուրդէն՝ ի հաշիւ թշնամիներուն, Պաղեստինի վրայ տիրապետող հռոմայեցիներուն համար: Այսպիսի պաշտօն մը բնականաբար խոտելի եւ ատելի դարձած էր Իսրայէլի համար, որովհետեւ մաքսաւորները ժողովուրդը կը նեղէին եւ կը կեղեքէին եւ անձնապէս ալ մեծ շահեր իրենց կ՛ապահովէին:
Ուստի այս բոլոր հանգամանքներուն համար Մատթէոս անարժան էր Աստուծոյ նախասիրութեան: Աստուծոյ սէրը, անհուն ողորմութիւնը ահա անոր կը հասնի: Մարդկային մտքին անթափանցելի են Աստուծոյ ծրագիրները: Երբ ուրեմն Մատթէոս իր սովորական պաշտօնը կատարելու վրայ էր, ահա Աստուածային Վարդապետը անոր քովէն անցնելով՝ իրեն կ՛ուղղէ պարզապէս երկու խօսք. «Եկուր ետեւէս»: Այս խօսքերը բաւական կ՛ըլլան անոր կարծրասիրտը շարժելու եւ Յիսուսին հետեւելու: Սուրբ Աւետարանը արդարեւ կ՛աւելցնէ . «Իսկոյն ան ալ ելաւ եւ անոր ետեւէն գնաց»: Ուրեմն վեհանձնօրէն համապատասխանեց Աստուծոյ կոչին, Աստուծոյ շնորհքին, Աստուծոյ իրեն ընծայած մասնայատուկ լոյսին եւ մէկդի թողելով իր ամենօրեայ շահաբեր գործը, եւ հետեւեցաւ Քրիստոսին՝ առատաձեռն հոգւով եւ դարձաւ այսպէս 12 առաքեալներէն մէկը:
Այս աշխարհի վրայ ամէն մարդ ունի իր ուրոյն կոչումը. մէկը կանչուած է աշխարհական, ամուսնական կեանքի, ուրիշ մը վանական կեանքի, երրորդ մըն ալ՝ քահանայական կեանքի: Իւրաքանչիւրին պարտքն է հետեւիլ, համապատասխանեԼ Աստուծոյ ձայնին, մեզմէ իւրաքանչիւրին համար անոր ի յաւիտենից պատրաստած ծրագիրն եւ զայն իրագործեԼ հաւատարմութեամբ: Ամէն պարագային՝ բոլորին ընդհանուր, հասարակաց կոչումն է՝ հոգին սրբացնել, փրկեԼ: Այս է մարդուս միակ կարեւոր գործը՝ երկրի վրայ:
Այս նպատակին հասնելու համար ալ իւրաքանչիւր անձ պարտի կատարել հաւատարմաբար իր վիճակի յատուկ պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները: Կատարելութիւնը, սրբութիւնը անոնց հաւատարիմ գտնուելուն մէջն է:
Արդ իւրաքանչիւրս պարտի ինքնիրեն հարց տալու. Ես մինչեւ հիմա արդեօք հաւատարիմ գտնու՞ած եմ վիճակիս պարտականութիւններուն: Եթէ այո՝ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որովհետեւ ամէն բարիք իրմէ կու գայ, եթէ ոչ՝ խոնարհելու եմ Աստուծոյ առջեւ եւ ներում խնդրելու եմ իրմէ իմ յանցանքներուս, տկարութիւններուս, անկումներուս համար եւ միաժամանակ աւելի հաւատարմութիւն խոստանալու եմ ապագայի համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.