2012-07-18 13:30:28

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԻՄԱՍՏԱՍԷՐ



8-րդ դարու հեղինակները շատ քիչ են, միայն երեք հոգի, սակայն երեքն ալ մեծարժէք գրողներ են։
Առաջինն է Յովհաննէս Իմաստասէր, որ ծնած ըլլալով Օձուն քաղաքը, կը կոչուի նաեւ Օձնեցի. Օձունը կը գտնուի Տաշիրի գաւառին մէջ, որ այժմ կը կոչուի Լոռի. Յովհաննէս աշակերտ եղած է Թէդորոս Քռթենաւորին, որ տեսնելով իր աշակերտի ուշիմութիւնն ու ընդունակութիւնը, մեծ խնամք թափեց անոր մտաւոր ու հոգեւոր կրթութեան ու դաստիարակութեան ի նպաստ։
Ան նշանաւոր կը դառնայ իր փիլիսոփայական հմտութեան համար եւ այս պատ-ճառաւ ալ զինք կը կոչեն իմաստասէր. Շուտով կը ստանայ եկեղեցական կարգերը եւ երիտասարդ տարիքին կը ձեռնադրուի քահանայ եւ կը ստանայ Վարդապետի աստիճան։ Ապա կ՛օծուի եպիսկոպոս Տաշիրի եւ շատ չանցած` կը գրաւէ կաթողի-կոսական գահը։
Իր հայրապետութեան երկրորդ տարին արդէն ժողով մը կը գումարէ Դուինի մէջ. Այսօր այդ ժողովները կը կոչենք Սիւնհոդոս. Այդ ժոյովին է որ կը կարդայ իր սքանչելի ատենագրութիւնը, ուր կը բացատրէ պատճառները որոնք զինք ստիպեցին այսքան արագօրէն գումարելու սոյն Ժողովը։ Ժողովուրդին եւ Եկեղեցւոյ մէջ մտած անկարգու-թիւնները կ՛ուզէ դարմանել եւ նոր շունչ ու հոգի ներմուծել, վերադարձնելով անցեալի օգտաշատ բարքերը, ձերբազատելով հայ եկեղեցին անհոգութեան եւ տգիտութեան հետեւանքով` ներմուծուած հերձուածներէ եւ անկանոնութիւններէ։
Մարդկային հասակին կը նմանցնէ եկեղեցւոյ վիճակը. Թէ ինչպէս անմեղ է մանկութիւնը, անգէտ չարի, անհմուտ մեղքի. Եւ թէ ժամանակ անցնելով` նոյն անմեղութիւնը չարութեան կերպարանք կ՛առնէ. Ասոր համար, հարկ է վերադառմալ նախնական անմեղութեան։
Օձնեցիի գործն է նաեւ Ճառ ընդդէմ Երեւութականաց-ը. Հոս կը պայքարի Եւդիքեան հերետիկոսութեան դէմ որ մէկ բնութիւն կը վերագրէր Քրիստոսի. Կը պաշտպանէ երկու բնութիւններու վարդապետութիւնը, որոնք միացած են Քրիստոսի անձին մէջ, անշփոթ միաւորութեամբ։ Հազուագիւտ է տեսնել մեր հայրապետներուն մէջ այսքան յստակ վարդապետութիւն մը, Քրիստոսի բնութեան ու անձին շուրջ։ Կը պայքարի նաեւ Յովհաննէս Մայրագոմեցիի աղանդին դէմ, որ Քրիստոսի մարդկութիւնը պարզ երեւութական կը համարէր եւ ոչ իրական։ Հետագային` Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը պիտի օգտագործէ իր բացատրութիւնները Յոյներու հետ կատարած իր բանակցութեանց միջոցին, Քրիստոսի մասին։
Գրած է նաեւ Ճառ ընդդէմ Պաւղիկեանց-ը, որ կը պայքարի Պօղոս Սամոսատի հերձուածին դէմ, որը Խաչին ընծայուած պաշտամունքը եւ պատկերներու հանդէպ յարգանքը աւելորդապաշտութիւն կը համարէր։
Ունի նաեւ Յաղագս Կարգաց Եկեղեցւոյ մեկնողական ու կարգաւորական գրու-թիւնը, ուր կը դասաւորէ Հայ Ժամակարգութիւնը. Գրած է նաեւ Յաղագս Մեծի աւուր Միաշաբաթու ճառը, նիւթ ունենալով Կիրակի օրուան Յարութեան յիշատակութիւնը։
Ի վերջոյ իրեն կը վերագրուին նաեւ կարգ մը շարականներ, գլխաւորաբար Աւագ Տօներու շարականները։ Օձնեցի ջանացած է միշտ գործածել մաքուր հայերէն լեզու եւ զերծ մնալ կարելիին չափով յունաբան դպրոցի ազդեցութենէն։ Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրապետներէն մին կը նկատուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.