2012-07-18 13:23:22

Դամասկոսի Յոյն-Մելքիթներու Կրէկորիօ Գ.Լահամ Պատրիարքի Կոչը՝ Երկխօսութեան ու Հաշտութեան ի նպաստ ։


՝՝Մինչ Սուրիոյ մէջ տագնապը կը վատթարանայ,ի տես վերջին իրադարձութիւններուն՝ ընդհարումը այլեւս կը սահմանուի որպէս ՝՝քաղաքացիական պատերազմ՝՝,եւ մինչ ՝՝բռնութեան ձայնը կր գերակշռէ եւ չափաւորութեան ձայնը կը տկարանայ ՝՝ ստիպողական է ջանքը ի նպաստ երկխօսութեան ու հաշտութեան՝՝։
Այսպէս կ՝արտայայտուի Կրէկօրիօ Գ.Լահամ Դամասկոսի Յոյն-Մելքիթներու Պատրիարքը, ֆիտէս կաթողիկէ լրատու գործակալութեան յղած տեղեկագրութեան մէջ։
Պատրիարքը սոյն տեղեկագրութեան մէջ կը հաստատէ որ՝՝ Սուրիացիները,շնորհիւ իրենց երկար պատմութեան,կրնան լուծել ներկայ վտանգանւոր տագնապը, օգնելով իրարու փոխադարձաբար ,սիրոյ ու ներումի ընդմէջէն։ Ստիպողական Կոչ մը կ՝ուղղենք ի նպաստ՝երկխօսութեան, հաշտութեան ու խաղաղութեան։ Ասիկա այն հազուագիւտ բարձրացող ձայներէն մին է որ շատեր չեն ուզեր լսել ։
Մենք քրիսոտնեաներս(կը գրէ Յոյն-Մելքիթներու Պատրիարքը իր կոչին մէջ ) որոնց յանձնուած է խաղաղութեան Աւետարանը,մենք զմեզ կանչուած կը զգանք զայն արծարծելու ։ Վերլուծելով Սուրիական տագնապը Պատրիարքը կը ծանօթագրէ ՝՝Սուրոյ մէջ այսօր ամենամեծ վտանգը անիշխանութիւնն է,ապահովութեան պակասը եւ տարբեր կողմերէ եկող զէնքերու զանգուածային խուժումը ։ Բռնութիւնը ծնունդ կուտայ այլ բռնութեանց, որմէ կը տուժեն բոլոր քաղաքացիները անխտիր առանց ցեղի,կրօնքի ու քաղաքական գոյնի տարբերութեան ՝՝. Այս բնագաւառէ ներս ՝՝ քրիստոնեաները կ՝ապրին նոյն վտանգները,բայց անոնք ամենէն տկար օղակն են։ Անպաշտպան, ամենէն խոցելիները՝ շահագործումի ,հարստահարումի, առեւանգումի եւ զեղծումներու։ Հակառակ այս բոլորին ոչ մի հակամարտութիւն կայ քրիստոնեաներու ու մահմէտականներու միջեւ։ Քրիստոնեաները չեն հալածուիր, եւ ոչ ալ նշանառութեան թիրախ են,պարզապէս անոր համար որ քրիսոտնեայ են ,բայց անոնք ալ զոհերն են քաոսային ներկայ վիճակին ու ապահովութեան պակասին։
Կրէկորիօ Գ.Լահամ Պատրաիարքը ժխտական ազդակներու մէջ կը դասէ ՝՝ օտար տարրերու միջամտութիւնը,արաբներու ու արեւմտեան միջամտութիւնները,որոնք զէնք կը բերեն, դրամ եւ միակողմանի տեղեկութիւններ։ Այս միջամտութիւնը վնասաբեր է նաեւ ասյպէս կոչուած ՝՝ ընդդիմութեան՝՝ եւ վնաս կը հասցնէ ազգային միութեան քանի որ կը տկարանայ նաեւ չափաւորութեան ձայնը՜՜ (Կ՝ըսէ Յոյն-Մելքիթներու Պատրիարքը Կրէկօրիօ Գ.Լահամ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.