2012-07-18 12:05:50

Արհիապատիւ Տ. Պօղոս Արք. Քուսանին Յուղարկաւորութիւնը, Եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի Դամբանականը։


Շաբաթ 7 յուլիսին ( 2012) երեկոյեան ժամը 8-ին, Ժէյթաուիի հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Արհի. Տէր Պօղոս Արք. Քուսան Պաղտատի հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդը։ Հանգուցեալ գերապայծառին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ այսօր չորեքշաբթի 11 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ Ժէիթաուի, Հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագով որուն նախագահեց Ամեն. հոգեւոր տէրը. ներկայ էին եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ՝ նախարարներ, երեսփոխաններ, բարձրաստիճան զինուորականներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կը ներկայացնէր Գերաշնորհ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան),։
Հ Հ Լիազօր Դեսպանը Լիբանանի մէջ, հայ կաթողիկէ քահանաներ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր ու ննջեցեալին հարազատ քոյրը՝ Քոյր Ժիւլիէն, հայկական կուսակցութիւններու, ազգային կազմակերպութիւններու ու Միութիւններու պատասխանատուներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, հանգուցեալին հարազատները եւ բարեկամներ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Ս Զոհին, Ամեն.Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը իր դամբանականը սկսաւ Ս. Մատթէոսի աւետարանի հետեւեալ խօսքով.
«Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մտթ. 25,21) եւ ապա ըսաւ .
Յիսուսին այս խօսքը կարելի է ճշմարտապէս վերագրել իր հաւատարիմ ծառային՝ ննջեցեալ Պօղոս Քուսան Գերապայծառին։
Աւազանի անունով Գէորգ, ան ծնած է Հալէպ 9 Սեպտեմբեր 1917-ին, զաւակ բարեպաշտ եւ բազմանդամ ընտանիքի մը, որ 1 մանչ՝ հանգուցեալը եւ 3 աղջիկ՝ մայրապետներ Աստուծոյ նուիրած է։
Փոքր տարիքին, Գէորգ նախ Վիեննայի Մխիթարեան Հայրերու դպրեվանքը կը մտնէ, Աստուծոյ փառք տալու համար եւ աւելի լաւ ծառայելու իր հայրենակիցներուն կրօնաւորական եւ քահանայական վիճակին մէջ: Յետոյ, Հռոմ կը մեկնի, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանը, ուր իմաստասիրութիւն, աստուածաբանութիւն եւ եկեղեցական ու հայկական գիտելիքներ կ’ուսանի, եւ Հռոմ քահանայ կը ձեռնադրուի 13 Ապրիլ 1941-ին։ Իր թեմը՝ Հալէպ կը վերադառնայ, ուր զանազան պաշտօններ կը ստանձնէ, մանաւանդ՝ իբր ժողովրդապետ եւ որպէս դպրոցի տնօրէն։
Իր հոգեւոր եւ մարդկային բարեմասնութիւններուն գիտակցելով, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը զինք Պատրիարքական Փոխանորդ կ՚ընտրէ Դամասկոսի Առաջնորդութեան, եւ 21 Դեկտեմբեր 1969-ին Եպիսկոպոս կ’օծուի ձեռամբ Ամենապատիւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին։ 27 Յունիս 1983-ին կ՚անուանուի Պաղտատի Արքեպիսկոպոսական Աթոռին Առաջնորդ, որ աչալրջութեամբ տասընութ տարի կը կառավարէ: Իր Առաջնորդութեան ժամանակ, Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսը կառուցեց նոր Առաջնորդարան մը եւ գեղեցիկ հայոճ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցին, Պաղտատին մէջ։
Յառաջացած տարիքին պատճառով, 2001ին իր պաշտօնէն կը հրաժարի։ Սակայն, աշխոյժ Գերապայծառը միշտ զբաղում կը փնտռէր եւ զայն կը գտնէր աղօթքէն ետք, ընթերցումներուն մէջ եւ թարգմանութեան գործերով։ Օգտակար ըլլալու միշտ պատրաստ էր եւ յաճախ դուռը կը զարնէր հարցնելու համար եթէ իրեն յանձնելիք գործ մը կա՞յ արդեօք։
Նոյնպէս, սիրով ստանձնեց ժամանակաւոր կերպով Պարսկաստանի եւ Երուսաղէմի մեր համայնքներու հոգ հոգւոցը, ինչպէս նաեւ Պաղտատ մեկնեցաւ զիս փոխարինելու համար իր նորընտրեալ յաջորդին՝ Էմմանուէլ Արքեպիսկոպոս Տապպաղեանի Գահակալութեան արարողութեան։
Երբ ծանրօրէն հիւանդացաւ, քաշուեցաւ ալեւոր եկեղեցականներու հանգստեան տունը։ Ամէն տեղ ուր կը գտնուէր, ծերանոց ըլլայ թէ հիւանդանոց, իր հոգեւոր կեանքով, անոյն խօսքով եւ անընդհատ աղօթքով, բոլորին համար՝ մայրապետներուն թէ հիւանդապահներուն բարի օրինակ կը հանդիսանար։ Իրեն մօտեցողները կը հիանային իր արթնամտութեան եւ օծուն խօսքերուն վրայ։
Յիշատակութեան արժանի է, թէ իր բնակութեան ժամանակ Պատրիարքարան 2003-էն ի վեր եւ մասնաւորաբար անոր հիւանդութեան ատեն, ալեւոր Գերապայծառը վայելեց Արհի. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի մասնայատուկ հոգածութեան։
Կեանք մը լեցուն հովուական գործերով եւ ամէն տեսակ ծառայութիւններով, Քուսան Գերապայծառը երկար հիւանդութենէ մը ետք, իր հոգին կ՚աւանդէ առ Երկնաւոր Հայր, ընդունելէ ետք մխիթարութեան Հիւանդաց Խորհուրդները։
Քուսան Գերապայծառին յիշատակը անմոռանալի պիտի մնայ բոլոր անոնց մօտ, որոնք առիթը ունեցան զինք ճանչնալու իր օրինակելի հոգեւոր կեանքով, իր խոնարհութեամբ եւ զուարթ նկարագրով։ Ան ոչ վարձատրութիւնը եւ ոչ պատիւ կը սպասուէր, այլ՝ միմիայն Աստուծոյ մեծ ողորմութիւնը։ Ասոր համար ան արժանի է հիմա լսելու Յիսուսի սփոփարար հետեւեալ խօսքը. «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մտթ. 25, 21). Ամէն։
Ս. Պատարագէն եւ Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք՝ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համմուտի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մատուռը, ուր հողին յանձնուեցաւ անոր մարմինը։ Թաղման արարողութենէն ետք ներկաները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.