2012-07-17 12:00:51

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Ընտրած Թէման՝ 2013-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ Համար ՝՝Երանի Խաղաղութեան Գործիչներուն՝՝։


՝՝Երանի Խաղաղութեան Գործիչներուն՝՝ ասիկա է Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Հօր ընտրած թէման 1 Յունուար 2013-ի՝ Խաղաղութեան 46.րդ Համաշխարհային Օրուայ համար։ Պապին պատգամը(կը տեղեկագրէ Խաղաղութեան ու Արդարութեան Քահանայապետական Խորհուրդի մէկ զեկոյցը) ներկայ բարդ կացութեան մէջ կը միտի քաջալերել բոլորը զգալու պատասխանատու այն ինչ որ կը հայի Խաղաղութեան կերտումին, եւ պիտի ընդգրկէ ՝՝լիութիւնը ու բազմազանութիւնը Խաղաղութեան գաղափարին, սկսեալ մարդկային էակէն. ներքին խաղաղութիւն եւ արտաքին խաղաղութիւն ,ի յայտ բերելու համար՝ մարդաբանական ստիպողականութիւնը, ոչնչապաշտութեան բնութիւնը ու ազդեցութիւնը,ու նաեւ հիմնական իրաւունքները առաջին շարքի վրայ խղճի ազատութիւնը,արտայայտութեան ազատութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնը՝՝։
Պատգամը նաեւ նկատի կ՝առնէ Վատիկանեան Բ.Տիեզերական ժողովի 50.րդ տարեդարձը ու Յովհաննէս ԻԳ. Պապի ՝՝Խաղաղութիւն Յերկրի՝՝ (Pacem in Terris) Շրջաբերականը,ըստ որու առաջնութիւնը կը պատկանի միշտ՝ մարդկային արժանապատուութեան ու անոր ազատութեան,կերտելու համար քաղաք մը ի սպաս իւրաքանչիւր անձի ւ,առանց որեւէ խտրականութեան , եւ նպատակադրած հասարակաց բարիքը՝ որու վրայ կը հիմնուի արդարութիւնը ու ճշմարիտ խաղաղութիւնը։
՝՝Երանի Խաղաղութեան Գործիչներուն՝՝ ներկայ պատգամը,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ութերորդ Պատգամն է Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ համար։ Ուստի առաջինը Նորին Սրբութիւնը գրի առած է 2006ին ՝՝ Ճշմարտութեան մէջ Խաղաղութիւն ՝՝ Խորագրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.