2012-07-17 12:47:55

Հրաբուխ Դամասկոսի Մէջ, Երկրաշարժ՝ Սուրիոյ. Ընդդիմութիւնը Արդէն Կը Վերահսկէ Մայրաքաղաքի Որոշ Հատուածներ.


Դամասկոսի մէջ արդէն երկրորդ օրը ըլլալով կը շարունակուին կատաղի մարտերը, որոնք կը համարուին Սուրիոյ մէջ մէկ տարիէն աւելի շարունակուող բախումներուն ընթացքին արձանագրուած ամենաարիւնալի բախումները:
Տեղեկութիւններ կան, որ մայրաքաղաք Դամասկոսի որոշ արուարձաններ արդէն անցած են «Սուրիոյ ազատ բանակ»ի հսկողութեան տակ: Թէեւ զոհերու յստակ թիւ չի նշուիր, սակայն տեղեկութիւններ կան, որ այսօր լուսադէմին զոհուած է 20-էն աւելի մարդ: Հիմնական մարտերը կ’ընթանան մայրաքաղաքը միջազգային օդակայանին կապող մայրուղիին վրայ:
Հակամարտութիւնը սրած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին նոր բանաձեւ ներկայացնելու նախաշեմին: Նախապէս, «Սուրիոյ ազատ բանակ»ը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, նշելով, որ լայնածաւալ գործողութիւններ պիտի սկսին կառավարական ուժերուն դէմ: «Ազատ բանակ»ի նոր մարտավարութիւնն է` յարձակիլ բոլոր կառավարական ուժերուն վրայ` երկրի տարբեր քաղաքներու կամ գիւղերու մէջ, ստիպելով անոնց կա’մ յանձնուիլ, կա’մ ոչնչացնել անոնց:

Ընդդիմադիրները այդ գործողութիւնը անուանած են «հրաբուխ Դամասկոսի մէջ, երկրաշարժ Սուրիոյ մէջ: Անոնք նշած են, որ ատիկա «առաջին ռազմավարական փուլն է, որպէսզի երկիրը հասցնեն ամբողջական եւ լիարժէք քաղաքացիական անհնազանդութեան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.