2012-07-17 12:55:48

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն
ՍՄԲԱՏ Ա. ՆԱՀԱՏԱԿ (890-914)


Ապստամբութիւն Աբասի` Աշոտի եղբօր (890-891)
Մինչ հայ ժողովուրդը ուրախ էր հայկական այս նոր թագաւորութեամբ, դժբախ-տաբար ապականութիւնը սկսաւ մուտք գործել երկրէն ներս եւ եղբայրասպան յաճա-խակի պատերազմներով` արիւնոտել հայրենիքը։ Առաջին դաւաճան արարքը հանդի-սացաւ Աշոտի եղբօր` Աբասի ապստամբութիւնը իր եղբօրորդւոյն` Սմբատի դէմ որ օրինաւոր գահաժառանգն էր Բագրատունեաց իշխանութեան։ Ան ուզեց թագաւորել իր եղբօր տեղ. Ի զուր եղան ջանքերը Գէորգ Բ. Կաթողիկոսին եւ Վրաստանի Ատրներսեհ իշխանին, հաշտեցնելու Աբասն ու Սմբատը։ Երկու տարուայ պատերազմէ ետք` ի վերջոյ Սմբատ պարտութեան մատնեց իր հօրեղբայրը եւ տիրացաւ գահին։
Սմբատ Ա.-ի պատերազմները
Սմբատ թագաւոր օծուեցաւ Շահապիւանի մէջ` 892-ին։ Պաղտատի սուլթանը իրեն ղրկեց թագ մը, ինչպէս նաեւ Բիւզանդիւնի կայսրը Լեւոն Զ., որ ծագումով հայ էր։ Դաշինք կնքեց նաեւ Բիւզանդիոնի հետ։ Սմբատի նպատակն էր ստեղծել միացած հայրենիք մը, ուստի եւ հարկ էր հպատակեցնել փոքր իշխանութիւնները որ կային երկրին մէջ։ Ան նախ կազմեց մարզուած ու մեծ բանակ մը եւ սկսաւ հպատակեցնել մի առ մի բոլոր իշխանները, սկսեալ Սեւ ծովէն, մինչեւ Կասպից ծովու ափերը։ Ան հպատակեցուց նաեւ Սիւնիքը, Վրաստանն ու Նախիջեւանը, ինչպէս նաեւ ազատագրեց Դուինը արաբ Էմիրներու ձեռքէն, գրաւելով սոյն քաղաքը եւ Էմիրնեըր Կայսեր ղրկելով որպէս գերիներ։
Սմբատ ընդդէմ Ափշինի
Այս բոլոր արշաւանքները հաշտ աչքով չէին դիտուած Ատրպատականի ոստիկան` Ափշինի կողմէ։ Ան` որպէս պատրուակ բռնելով Սմբատի դաշինքը Լեւոն կայսեր հետ, մեծ բանակով մը մտաւ Հայաստան։ Սմբատ անոր դէմ ելաւ 30.000 հայկական ուժեղ բանակով մը։ Նախ խնդրեց տեսակցիլ Ափշինի հետ, համոզելու համար որ ետ կենայ պատերազմէ. Ափշին` աւելի վախցած հայկական բանակէն քան ազդուած Սմբատի խօսքերէն, ընդունեցաւ քաշուիլ։ Սակայն 895-ին դարձեալ եկաւ Հայաստան աւելի մեծ բանակով եւ պաշարեց Դուինը։ Սմբատ փառաւոր յաղթանակ մը տարաւ Ափշինի վրայ, որ հեռացաւ Հայաստանի սահմաններէն ։ Սակայն 897-ին, երբ Սմբատ պարտութիւն կրեց Ճեզիրէի Էմիրէն, շնորհիւ Գագիկ Արծրունի իշխանին դաւաճանութեան, Ափշին մտաւ Սիւնիքէն եւ, Կարսը գրաւելով` գերի տարաւ Սմբատի կինը` Հայաստանի թագուհին եւ գանձերը։ Սմբատ կրցաւ ետ առնել իր կինը միայն իր Աշոտ որդին պատանդ թողլով Ափշինի մօտ. 901-ին` երբ Ափշին կը պատրաստուէր նոր յարձակում գործելու Հայաստանի վրայ, հիւանդացաւ եւ մեռաւ. Այսպէսով Աշոտ ետ դարձաւ հօրը մօտ։
Սմբատ նահատակ (914)
Ափշինի եղբայրը` Եուսուֆ, աւելի խորամանկ ու ճարպիկ անձ մը, հանդարտ չթողուց Հայաստանը. Ան դարձեալ միացաւ դաւաճան Գագիկին եւ զինք կարգեց թագաւոր Վասպուրականի։ Գալով հայ նախարարներուն` իրենք եւս թագի ակնկալու-թեամբ սկսան ապստամբիլ իրենց թագաւորին դէմ եւ թողուլ որ արաբական ուժերը մուտք գործեն ազատօրէն Հայաստան։ Սմբատ ապաւինեցաւ Կապոյտ Բերդը, փորձեց դիմադրել բուռ մը քաջերով, սակայն Եուսուֆ յաղթեց, զինք գերի տարաւ Դուին, ուր առաջարկեց իրեն իսլամանալ. Սմբատ մերժեց եւ նահատակուեցաւ 914-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.