2012-07-16 13:53:13

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Պատարագը ֆրասքաթի, եւ Կիրակնօրեայ ՝՝Հրեշատակ Տեառն՝՝ Մարեմեան Աղօթքը՝ Գասթէլկանտոլֆոյի Պապական Ամարանոցի Ներքնաբակին մէջ։


՝՝ Եկեղեցին չի քարոզեր այն ինչ որ մարդիկ կ՝ուզեն իմանալ,այլ կը քարոզէ ճշմարտութիւնը ու արդարութիւնը՝՝։ Այպէս արտայայտուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Լացիօ Մարզի ֆրասքաթի թեմի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած հոգեշահ քարոզին մէջ,ի ներկայութեան շուրջ ութը հազար հաւատացեալներու։ Այցելութիւն մը որ Ռադզինկէր Պապը կատարեց երջանկայիշատակ ՅՊԲ.Քահանայապետէն 32 տարի ետք։ Սրբազան Հօր այս այցելութելան ընթացքին, իրեն կ՝ընկերացէր նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ։
Ֆրասքաթիի Սուրբ Պետրոս-ի անունը կրող հրապարակը հիւրընկալեց Սրբազան Քահանայապետը, Լացիօ Մարզի այս փոքր աւանին կատարած իր այցելութեանը առթիւ, այս աւանը, Հռոմ քաղաքէն ետք Հռոմի Եկեղեցիին ամենէն շատ Քահանայապետ(Պապ) տուած գիւղաքաղքան է։ Կարեւոր զուադիպութիւն մը որ կ՝ընդգծէ իրոյ կապը ,ուստի Քահանայապետը ինք եւս ընդգծելով այս սիրոյ կապը ըսաւ ՝՝որ այս այցելութիւնը կը կատարէ ՝՝ բաժնեկցելու համար ուրախութիւնները ու յոյսերը,հոգնութիւնները ու յանձնառութիւնները,տեսլականները ու ներշնչումները՝՝։ Շնորհակալ եմ Աստուծոյ որ այսօր զիս հոս առաքեց՝ որպէսզի աւետեմ ազատագրումի Խօսքը։ Այն իրողութիւնը թէ Յիսուս կանչեց կարգ մը աշակերտներ որպէսզի գործակցին ուղղակի իր առաքելութեան (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) , կը ցուցաբերէ իր սիրոյ մէկ երեւոյթը . Յիսուս չարհամարեր այլ մարդոց օգնութիւնը որ կրանան տալ իր առաքելութեան, Ան կը ճանչնայ անոնց սահմանափակումները ,անոնց տկարութիւնները բայց չարհամարհէր,ընդհակառակը անոնց կը շնորհէ արժանաւորութիւնը ըլլալու իր պատուիրակները ։
Ուստի աշակերտները կը խօսին յանուն Յիսուսի,եւ նոյնպէս այսօր Եկեղեցին չի քարոզէր այն ինչ որ պիտի ուզեն իմանալ հզօրները,Եկեղեցւոյ չափանիշը արդարութիւնն է ու ճշմարտութիւնը, եթէ նոյնիսկ դէմ կը հանդիսանայ ծափահարութիւններու եւ մարդկային իշխանութեանց (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր հոգեպարար քարոզին մէջ)։
Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը վերադարձաւ Հռոմի շրջանի ՔասթէլկանտոլֆոյիՊակական ամարանոցը,ուր կէսօրին(միշտ երէկ) կատարեց կիրակնօրեայ ՝՝Հրեշտակ Տեառն՝՝ Մարեմեան Աղօթքը։
Նախ քան Մարեմեան Աղօթքը արտասանած իր խօքին մէջ Նորին սրբութիւնը ըսաւ որ ՝՝Քրիստոսի Առաքելութիւնը ու Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը երբէք չի յետադիմէր այլ կը յառաջադիմէ ՝՝ ներշնչուելով ու յիշելով նաեւ Սուրբ Բոնավէնդուրան(15 Յուլիս Սուրբին Տօնին օրը) Սուրբ ֆրանչիսկոսի յաջորդը եւ առաջնորդ ֆրանչիսկեան Կրտսեր Եղբայրներու։
՝՝ Երբէք նահանջ,այլ միշտ յառաջ ՝՝ . Քրիստոի փրկութեան առաքելութիւնը(յարեց Սրբազան Հայրը) սկիզբ առած երկուհազար տարի առաջ մարդոց համար, երբէք ետ դարձ մը պիտի չարձանագրէ , որովհետեւ այն ինչ որ Քրիստոսին է կը շարունակէ իր յառաջդիմութիւնը ,հոս Սրբազան Քահանայապետը մէջ բերաւ Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղաձ Թուղթէն տողեր,յորում կը կարդանք ՝՝ Օրհնեալ է Աատուած եւ Հայր մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիատոի,որ մեզ օրհնեց ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով ի Քրիսատոս երկինքի մէջ(Սուրբ Պօղոս կը վերանայ մինչեւ երկինք,ուրկէ ի յաւիտենից տրուեցան եւ ուր պիտի հանգին բոլոր օհնութիւնները) ։ Աշխարհի հաստատութենէն առաջ Աստուած մեզ ընտրեց Քրիստոսի միջոցաւ,որպէսզի ըլլանք իր առջեւ սուրբ եւ անարատ՝սիրով։ Նախասահմանեց մեզ իր որդեգրութեան՝Յիսուս Քրիսատոսով։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը վեց տարբեր լեզուներով ողջունեց Գասթէլկանտոլֆոյի Պապական ամարանոցի ներքնաբակը ներկայ բազմահարիւր հաւատացեալները ու զբօսաշրջիկները,յիշեցնելով անոնց թէ 16 Յուլիսին Եկեղեցին կը յիշատակէ Տօնը՝Գարմելի Տիրամօր ,որ միաժամանկ կը ճանչցուի նաեւ ՝՝Կրկնուրարի Աստուածամայրը՝՝ ըլլալով։








All the contents on this site are copyrighted ©.