2012-07-14 12:28:11

Լոնտոնի Հայկական Օփերան Ներկայացուց «Անուշը»ը.


Լոնտոնի «Թապէրնաքլ» համալիրի դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուցած էր արուեստասէրներու հետաքրքիր բազմութիւն մը, որ անհամբերութեամբ կը սպասէր Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ»ին՝ «Լոնտոնի հայկական օփերա»յին կողմէ առաջին ներկայացման: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»ը։
Բոլոր հանդիսականները անխտիր՝ հայ թէ ոչ-հայ, հրապուրուեցան ներկայացման արհեստավարժ մակարդակով: Արդարեւ, փորձառուներու, երիտասարդ տաղանդներու եւ տեղական համայնքէն սիրողներու համադրումը կատարուած էր լաւագոյն ձեւով: Հինգ արարներով ներկայացուած օփերան հմայեց՝ երգիչներու գեղեցիկ ձայներով, երգչախումբով, ընկերակցող նուագախումբով, փոքրիկ պարողներով, զգեստաւորումով:
Այս առթիւ հրատարակուած յատուկ յայտագրին մէջ տեղ գտած են «Լոնտոնի հայկական օփերա»ի նախագահ Դաւիթ Ստեփանի եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Արիս Նատիրեանի խօսքերը, դերակատարներու կենսագրականները:
Իր խօսքին մէջ Նատիրեան կ՚ըսէ, ի միջի այլոց. «Այս տարին յատուկ կարեւորութիւն ունի մեզի համար. կը նշենք այս օփերային հարիւրամեակը:
Անուշի դերը ստանձնած էր Թերեզա Գէորգեան, Սարոյի դերը՝ Վահէ Պեկոյեան: Արիս Նատիրեան կ՚ապահովէր Մոսիի դերը, իսկ Անուշի մօր դերին մէջ կը փայլէր Անահիտ Եղոյեան: Նուագախումբը կը ղեկավարէր Լեւոն Բարիքեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.