2012-07-13 15:47:26

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր Աւետարանացումը եւ Մասոնութիւնը ։
Մեր նախորդ հաղորդումին մէջ, անդրադարձանք թէ Մասոնութիւնը գաղտնի ընկերութիւն կամ շարժում մըն է: Սակայն այս իրողութիւնը մեզի խորթ կը թուի: Մինչ երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող ամէն ընկերութիւն, կրօնական եւ պետական ամէն հաստատութիւն, մշակութային եւ բարեգործական ամէն կազմակերպութիւն կամ միութենական ազգային ու միջազգային ամէն ձեռնարկ խօսուած բոլոր լեզուներով համայն մարդկութեան առջեւ կը պարզեն յստակօրէն՝ իրենց նպատակը, ծրագիրն ու սահմանադրութիւնը, ինչո՞ւ Մասոնականութիւնը ո՛չ: Ինչո՞ւ այս վերապահ դիրքը մարդկութեան մէջ:
Ահաւասիկ պատասխանը մեր մտահոգութեան: Որպէս զի Մասոնականութիւնը ամէն տեղ զգալի ըլլայ, բայց ո՛չ մէկ տեղ տեսանելի՝ պէտք է որ գաղտնի ըլլայ: Հետեւաբար, Մասոնները կ՛ըսեն. « Մասոնական գաղտնիքը՝ աղբիւրն է մեր ուժին»: Մասոնականութեան համար՝ գաղտնիքը ծայր աստիճան լուրջ, ուղղակի կենսական խնդիր ըլլալուն՝ իր անդամներուն կը պարտադրէ նոյնքան լուրջ, նոյնքան կեանք արժող երդում՝ ԳԱՂՏՆԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ:
Գաղտնապահութեան երդումին զուգընթաց կու գայ նաեւ հնազանդութիւնը, մասոնութեան ուժին ուրիշ մէկ աղբիւրը: Մասոնութիւնն իր հետեւորդներէն կը պահանջէ բացարձակ հնազանդութիւն: Բացարձակ հնազանդութիւն այն ամէն բանի որ հակառակ չէ մասոնական Օրէնքներուն:
Մասոնականութիւնը կը յանդգնի յայտարարել թէ, կրօնաւորական ուխտերը ուրիշ արդիւնք եւ ուրիշ նպատակ չունին, բայց եթէ ոչ ոչնչացնել մարդկային անձնաւորութիւնը: Կրօնաւորական ուխտերը սակայն, կը դիտեն դարմանել մարդուն մէջ՝ սկզբնական մեղքով ապականած բնութեան ախտաւոր հակումները. ազատել զինքը եռապատիկ գերութենէ, այսինքն՝ 1. մարմնապաշտութենէն (ցանկութիւն մարմնոյ) ողջախոհութեամբ, 2. դրամապաշտութենէ (ցանկութիւն աչքերու) աղքատութեամբ, 3. փառապաշտութենէ հնազանդութեամբ:
Ի վերջոյ, Մոսոնները կը հաստատեն թէ Մասոնութիւնը մարդասիրական եւ մշակութային հաստատութիւն մըն է, եւ թէ ինք չի սպաղիր քաղաքականութեամբ, սակայն անոնց մեծագոյն պարծանքն այն է երբ կը հաստատեն թէ տիեզերական պատմութեան բոլոր յեղափոխութիւններն իրենց, Մասոնութեան գործն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.