2012-07-13 15:59:14

ՀՀ Նախագահը Սարգիսեան Սեպտեմբերին Կը Մեկնի Թեհրան.


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրը` մասնակցելու Սեպտեմբերի սկիզը Թեհրանի մէջ կայանալիք «չմիաւորման շարժման» գագաթնաժողովին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ իրանական IRNA գործակալութիւնը` հրաւէրը Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է Իրանի ներքին գործերու նախարար Մոսթաֆա Մուհամմետ Նաճարը:
Ուստի նորերս Սերժ Սարգսեան ընդունած էր ՆԳ նախարար Նաճարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ նշած, որ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած` երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու փոխայցելութիւնները, ներառեալ` ԻԻՀ ՆԳ նախարարի այս այցը, կը վկայեն հայ-իրանական բարեկամութիւնը աւելի ամրապնդելու` երկկողմանի ձգտման եւ գործնական կապերը աւելի խորացնելու վճռականութեան մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.