Կաթողիկէ-Իսլամ Միացեալ Կոմիտէի Արտակարգ Ժողովը Հռոմի մէջ։
Կաթողիկէ-Իսլամ Միացեալ Կոմիտէն 10 Յուլիսին կատարեց արտակարգ ժողով մը Հռոմի մէջ, գլխաւորութեամբը՝
կաթողիկէներու կողմէ Կարտինալ Ժան Լուի Թորան-ի Միջ-կրօնական Քահնայապետական Խորհուրդի
Նախագահը,իսկ մահմէտականներու կողմէ Փրոֆ.Համիտ Պին Ահմատ ալ-Ռիֆաիէ՝ Երկխօսութեան Իսլամական
Միջազգային ֆորումի նախագահը։ Ժողովի մասնակցիները փոխանակեցին կարծիքներ՝ աշխարհի
ներկայ կացութեան մէջ քրիստոնեաներու ու մահմէտականներու միջեւ ի զօրու յարաբերութիւններու
մասին ։ 1995ին սկիզբ առաւ այս երկխօսութեան յաջորդութիւնը ,եւ 10 Յուլիսին կողմերը համաձայնեցան
յառաջիկայ ժողովը գումարել Հռոմի մէջ,2013ի Յուլիսի առաջին շաբաթը ունենալով որպէս բնանիւթ
՝՝ Հաւատացեալները՝ նիւթապաշտութեան ու աշխարհականացումի առջեւ՝՝ ։