2012-07-13 16:02:51

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան Ցաւակցական Գիրը Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Ի Լուր Հանգուցեալ Պօղոս Արք. Գուսանի Մահուան։


Ողբացեալ գերապայծառը շուրջ 14 տարիներ եղած է Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը։
Ահաւասիկ Դամասկոսի ՀԿՄ.ի խորհուրդի նամակը..
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր,
Մեծ ցաւով իմացանք Արհի. Պօղոս Արք.Քուսանի մահուան լուրը։ Կը ցաւակցինք Ձեզի ու մեր նուիրապետութեան բոլոր հոգեւորական հայրերուն ու կ՚աղօթենք որ երկնային տէրը իր հոգին ընդունի սուրբերու շարքին ու շնորհէ յաւիտենական հանգիստ երկնային օթեւաններուն մէջ։ Երկար տարիներ վայելած ենք հանգուցեալ Գերապայծառ տիրոջ ներկայութիւնը Դամասկոսի մէջ որպէս պատրիաքական փոխանորդ։ Ան իր անբասիր վարքով, հանդուրժողականութեամբ, սիրուած էր բոլորէն։ Իր օրերուն Դամասկոսի ՀԿՄ-ը ի շարք համայնքային այլ կազմակերպութիւններու, ապրեցաւ վերելք, շնորհիւ իր քաջալերանքին ու վստահութեան։Կը մաղթենք որ Տէր Աստուած մեր համայնքը օժտէ նոր կոչումներով, որոնք Ս.Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ շարունակեն Քուսան Արքեպիսկոպոսի ու մեր բոլոր նուիրեալ հոգեւորականներու ազնիւ ու բարի աշխատանքը, ի սպաս մեր հայկական եկեղեցւոյ պայծառացման։

Ի դիմաց ՀԿՄ-ի խորհուրդին՝
Ատենապետ Ատենադպիր
Սարգիս Քէշիշեան Արամ Գայայեան









All the contents on this site are copyrighted ©.