2012-07-13 16:18:45

՝՝Ֆրանսան Կը Մտածէ Ցեղասպանութեան Օրինագիծը Կրկին Շրջանառելու Ուղիներու Մասին՝՝ Կ՝ըսէ Դեսպան Անրի Ռենօ։


Ֆրանսայի գործող նախագահը հաւատարիմ պիտի մնայ նախընտրական շրջանին ըրած իր յայտարարութիւններուն եւ պիտի վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կրկին շրջանառութեան մէջ դրուի։ Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Ռենօ:
«Այսօր կը փնտռուին այն բոլոր միջոցները, որոնք պիտի օգնեն այդ օրինագիծը կրկին շրջանառութեան մէջ դնելու: Որքան կը յիշեմ, նախընտրական շրջանին ապագայ նախագահը ըսաւ, որ երկար ժամանակ պիտի չսպասէ, օրինակ` մինչեւ իր նախագահական իրաւագրի աւարտը, որպէսզի շրջանառութեան մէջ դնէ այդ օրինագիծը»,- ըսաւ ան:
Դեսպանը նշեց, որ իրեն համար ի պաշտօնէ կարեւոր են միայն Ֆրանսայի մէջ նախագահի մակարդակով եղած յայտարարութիւնները: «Ելիսէյեան պալատը կը խորհի այն եղանակներուն մասին, թէ ինչ կերպով օրինագիծը կրկին վերադարձնել խորհրդարան: Ատիկա կը կատարուի առանց այս կամ այն երկրի ազդեցութեան» (ընդգծեց ան):
«Ասիկա Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնն է: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը նուրբ հարց է, քանի որ Ֆրանսայի մէջ կ’ապրին ցեղասպանութենէն փրկուած հայեր»(աւելցուց Անրի Ռենօ):








All the contents on this site are copyrighted ©.